ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Օտար Երկնակամարներու Տակ Փայլող Հայեր
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անգլիատառ պարբերաթերթի՝ «AGBU Insider»-ի՝ Դեկտեմբեր 2018-ի յաւելուածէն քաղելով կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները.
Սոփրանօ Նաթալի Արոյեան
Սիտնիի օփերայի նշանաւոր աստղերէն Նաթալի Արոյեան (տես նկարը) ծնած է Սիտնի, ուր յաճախած է Ալեք Մանուկեան Հայկական Շաբաթօրեայ վարժարանը։ Անոր երաժշտութեան մարզիչը եղած է օփերայի հայազգի երգչուհի Լիլիա Օվչեանը, իսկ իր երաժշտութեան դասընթացքը կատարելագործած է՝ շնորհիւ ՀԲԸՄիութենէն ստացած կրթաթոշակին։
Նաթալի մեծապէս երախտապարտ է իր ծնողքին՝ Սարգիսին եւ Լիւսիին, որոնք քաջալերած են զինք եւ թիկունք կանգնած իր ընտրած ասպարէզի նուաճման դժուարին ճանապարհի ընթացքին։ Անոր միակ ափսոսանքն է, որ գործի բերումով յաճախ կը բացակայի իր ընտանիքէն եւ բարեկամներու սեղմ շրջանակէն, յատկապէս տօնական օրերուն . . .
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով՝ Նաթալի հեղինակած է բեմական նոր ստեղծագործութիւն մը՝ «Հայկական ճամբորդութիւն մը» անունով։ Ան մարմնաւորած է անոր հերոսուհին՝ սարսափած հայ որբը, որ վերապրելով յաղթահարած է Եղեռնի պատճառած ողբերգութիւնը։ Այդ որբը եղած է իր մեծմօրը մայրը։
Նաթալիի խրատն է ձգտում ունեցող արուեստագէտներուն. «Ակնկալէ՛, որ խոչընդոտներ պիտի պատահին արհեստավարժութեան հասնելու ճանապարհիդ, սակայն երբեք մի՛ յուսահատրիր եւ շարունակէ՛ ճախրանքդ համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ»:
Յօրինող Միշել Պետրոսեան
Փարիզաբնակ յօրինող Միշել Պետրոսեան ծնած է Երեւան եւ իր երաժշտական ուսումը կատարելագործած է Փարիզի երաժշտանոցին մէջ։
Բնակելով Փարիզ՝ որպէս հայ՝ Միշել ապրած է երկու ինքնութեանց պատկանելու տուայտանքը։ Այս երեւոյթը դրսեւորուեցաւ 2017-ի իր ստեղծագործութեան ընդմէջէն, որ ներկայացուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ։ Անոր նիւթն էր «Հեքիաթային բոց, բռնկող կրակ» (A Fiery Flame, A Flaming Fire.): Անոր նպատակն էր ինքնութեանց շարժունութիւնն (mobility) ու արագութիւնը (fluidity) ցուցաբերել երաժշտութեան միջոցաւ։
Միշելի ուրիշ մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Արցախի երգը», ներկայացուեցաւ Տաթեւի վանքին մէջ։ Այս գործին մէջ Միշել օգտագործած է բնութեան եւ թռչուններու ձայները՝ որպէս մեղեդիներու մեկնակէտը։ 2018 Նոյեմբերին՝ այս գործը սփռուեցաւ Ֆրանսայի պետական ռատիօկայանէն։
Միշելի հայկական արմատները պատճառ դարձան, որ ան յօրինէ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը Հայկական ցեղասպանութեան առնչութեամբ, «100 տարուան յիշատակ, կեանքի նուագահանդէս մը»: Այս գործին մէջ Միշել հարցականի տակ կը դնէ Աստուծոյ բացակայութիւնը, Մեծ եղեռնի ընթացքին։ Այս ներկայացումը կազմակերպուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ֆրանսայի մասնաճիւղին կողմէ։
Ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան
Շանկհայի սիմֆոնիկ նուագախումբի գլխաւոր ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան ծնած է Երեւան: 16 տարեկան Աստղիկ 2009 թուականին աւարտեց երկրորդական վարժարանը եւ դիմեց ուսանողական փոխանակման ծրագրին (student exchange program), որպէսզի իր երաժշտական ուսումը շարունակէ արտասահմանեան երկրի մը մէջ։
Ի զարմանս Աստղիկին եւ իր ծնողաց՝ դիմումնագիրը ընդունուեցաւ Շանկհայի պետական երաժշտանոցին կողմէ։ Ուրեմն ճամբորդական ցուպը ձեռքին, ան գնաց Չինաստան եւ ութ ամիսէն սորվեցաւ լեզուն։ Հիմա ան ոչ միայն նուագախումբի գլխաւոր ջութակահարն է, այլեւ ունի վարչական պատասխանատուութիւն՝ որպէս նախագահին օգնական։
2014-ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կը հրաւիրուի Նիւ Եորք, որպէսզի ղեկավարէ Միութեան տարեկան համերգը նշանաւոր Carnegie Hall-ի մէջ։ Իսկ յաջորդ ամառ դարձեալ ՀԲԸ Միութեան կողմէ կը հրաւիրուի Լոնտոն, որպէսզի կազմակերպէ Հայկական ֆեսթիվալ մը։ Աստղիկ՝ գնահատանքով արտայայտուած է ՀԲԸ Միութեան տարած աշխատանքներուն նկատմամբ։
Անդրադառնալով Չինաստանի իր արհեստավարժ փորձառութեան՝ ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Պէտք է շատ բաներ փորձես եւ դուրս գաս հանգստաւէտ վիճակէդ (comfort zone): Ես կը խորհիմ, որ աւելի լաւ է փորձել եւ զղջալ, քան երբեք չփորձել»:
Խմբավար Յարութ Ֆազլեան
Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեան (տես նկարը) ծնած է Պէյրութ, ուր յաճախած է ՀԲԸ Միութեան Տէմիրճեան վարժարանը։ Ան փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ փոխադրուած է Մոնթրէալ, իսկ երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւան։
Յարութ սերած է արուեստագէտներու ընտանիքէ։ Հայրը՝ Պերճ Ֆազլեան, բեմադրիչն էր ՀԲԸ Միութեան Պէյրութի Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, իսկ մայրը՝ Սիրվարդ Ֆազլեան, գեղանկարիչ է եւ դաշնակահար։ Սիրվարդ կատարած է նաեւ դերասանութիւն Վահրամ Փափազեան թատերախումբին հետ։
Յարութ Ֆազլեան 2000 թուականէն ի վեր գլխաւոր խմբավարն է Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին։ Ան քանիցս հրաւիրած է Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը Լիբանան եւ Արաբական Ծոցի երկիրները։
Որպէս հպարտ հայ՝ ան հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է իր ազգութեան մասին. «Երբ ես նուագախումբով կը ճամբորդեմ աշխարհի չորս կողմերը, կը ջանամ յայտագրիս մէջ ներառնել հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Իմ պարտաւորութիւնս է ու պարտականութիւնս, որ մարդիկ լսեն հայկական երաժշտութիւն»:
Դաշնակահար Նարեհ Աղամանեան
Վիեննայի սիմֆոնիկ նուագախումբի դաշնակահար Նարեհ Աղամանեան ծնած է Վանաձոր։ Ի ծնէ տաղանդաշատ Նարեհը իր առաջին մենանուագով հանդէս կու գայ 6 տարեկան հասակին։ Իսկ 7 տարեկանին ան կ’ընդունուի Երեւանի Չայքովսքիի անուան տաղանդաւոր փոքրիկներու երաժշտանոցը։
2000 թուականին, երբ Նարեհ 11 տարեկան էր, կը հրաւիրուի Եութահ նահանգի Սալթ Լէյք քաղաքը՝ մասնակցելու դաշնակի միջազգային մրցումին, որմէ յաղթական դուրս կու գայ։ Եութահ չգացած՝ Նարեհ Արտա Յարութիւնեանի եւ իր մօրը՝ Արտեմիս Նազարեանի կողմէ կը հրաւիրուի Նիւ Եորք՝ մենանուագով մը հանդէս գալու։
2004 թուականին 15 տարեկան Նարեհ կ’ընդունուի Վիեննայի երաժշտութեան եւ կատարողական արուեստներու համալսարանը։ Իր ուսումը աւարտելէ ետք՝ 2008 թուականին, ան կը հաստատուի Վիեննա։
Նարեհ գերզբաղած է իր նուագահանդէսներով, տարեկան աւելի քան 60 հատ՝ աշխարհի չորս կողմերը։ Ճամբորդութեանց առթած յոգնութեան ու նոր միջավայրերու յարմարելու անհրաժեշտութեան մղձաւանջը փարատելու համար ան կը դիմէ աղօթքի, որ իրեն կը պարգեւէ ներքին խաղաղութիւն։ Ըլլալով հաւատացեալ քրիստոնեայ՝ նուագահանդէսներէ առաջ Նարեհ կ’երթայ Վիեննայի Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցին՝ ստանալու համար հովիւին օրհնութիւնը։