«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել, Փետրուար 1-ին, պիտի ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն՝ մէջբերելով Դաշնային կառավարութեան խօսնակ Շթեֆըն Զայպըրտի խօսքերը:
«Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել 2019 Փետրուար 1-ին՝ Ուրբաթ, դաշնութեան վարչապետի նստավայրին մէջ, զինուորական պատիւներով պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Նախատեսուած է զրոյց՝ ճաշի շուրջ, որուն ընթացքին, դաշնութեան վարչապետ Մերկելն ու վարչապետ Փաշինեանը մտքեր պիտի փոխանակեն երկկողմ եւ տնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու շուրջ»,- ըսած է Զայպըրտ` աւելցնելով, որ իրենք նոյնպէս, դեսպանութեան մէջ, հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը սպասեն այս այցին: