Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

ՄԱԿ-ի՝ Պաղեստինեան Հարցերով Գործակալութեան Անհրաժեշտ Է 1.2 Միլիառ Տոլարի Ֆինանսաւորում՝ Լաւագոյնս Կատարելու Իր Հիմնական Եւ Այլ Տիպի Ծառայութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՄԱԿ-ի՝ պաղեստինեան հարցերով գործակալութեան ղեկավար Փիեռ Քրահենպուլ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր մասնաւորաբար նկատել տուաւ, որ գործակալութեան ընդհանուր առմամբ անհրաժեշտ է 1.2 միլիառ տոլարի շտապ ֆինանսաւորում, ինչը, իր խօսքով, պիտի օգտագործուի 2019-ին գործակալութեան մատուցելիք ծառայութիւններուն համար:
Ըստ հաղորդումներու՝ Քրահենպուլ ըսաւ, որ ֆինանսաւորումի մեծամասնութիւնը պիտի տրամադրուի գործակալութեան կենսական ծառայութիւններէն մէկուն՝ ուղղուած Միջին Արեւելքի մէջ 5.4 մլն պաղեստինցի գաղթականներուն՝ ներառելով կրթական, առողջական, ընկերային ծառայութիւն եւ մարդասիրական արտակարգ օգնութիւն գրաւեալ Պաղեստինին:     

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին