«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցով իր դիրքորոշումը չէ փոխած. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի խօսքով` խնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 29-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ, ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին՝ յայտնած է ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշողը ԼՂ ժողովուրդն է: Մենք ունինք վճռականութիւն՝ պաշտպանելու թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը, թէ՛ Հայաստանը: Մենք գիտենք մեր կարողութիւնները, բայց կ՝ուզենք խաղաղ ճանապարհով յանգուցալուծել այդ գործընթացը»,- ըսած է Մնացականեան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ Փետրուարին կայանալիք Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին հանդիպում տեղի ունենայ իր եւ իր գործընկերոջ կամ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ, Մնացականեան նշած է, որ այդ հարցին եւ անվտանգութեան համաժողովին Փաշինեանի մասնակցութեան վերաբերեալ ոչինչ որոշուած է: