ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակից
22 տարի առաջ՝ 1992-ի Յունուար 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» բանաձեւ ընդունեց, որ դարձաւ հայկական բանակի ստեղծման սկիզբը: Այդ օրէն Յունուար 28-ն ՀՀ օրացոյցին մէջ կը նշուի որպէս բանակի օր: Այդ օրը բարձրաստիճան այրերը եւ ոչ միայն, կ’այցելեն Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր կը հանգչին բանակի ստեղծման ու Հայաստանի անկախութեան կերտման ճամբուն վրայ իրենց մեծ աւանդը ներդրած հայորդիները:
Այս տարի դէպի Եռաբլուր մարդոց հոսքը անհամեմատ աւելի մեծ էր: Եռաբլուր այցելած էին նաեւ ապրիլեան պատերազմին զոհուած տղոց ծնողները: Քաղաքացիները քառօրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու շիրիմներուն յարգանքի տուրք մատուցեցին ու խնկարկեցին:
Քառօրեայ պատերազմի հերոս նահատակներէն ժպտադէմ Ադամ Սահակեանի մայրը՝ Գայիանէ Անտոնեանը, նշեց, որ նահատակուած հերոսները արդէն սրբացած են, ժողովրդին կը պատկանին յաւէտ: «Այսօր անգամ մը եւս կը համոզուինք այդ գծով, եւ փառք բոլոր տղոց, որոնք նահատակուած են յանուն հայրենիքի»,- ըսաւ ան:
Արցախի ազգային հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի մեծհայրիկն ալ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Եռաբլուրը շատոնց դարձած է սրբավայր բոլորին համար: «Այսօրուան բազմամարդութիւնը ապացոյց է, որ ժողովուրդը կը գնահատէ բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը զոհած են հայրենիքին համար»,- շեշտեց Ռոպերթ Ապաճեանի մեծհայրիկը:
Յունուար 28-ն ապրիլեան պատերազմի առաջին զոհերէն, դիրքը ու խրամատը իր տղաներուն հետ կեանքի գնով պաշտպանած հերոս հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի ծննդեան օրն է: Հրամանատարի մայրը՝ Համեստ Նեսիսեանը, կ’ըսէ, թէ պատահական չէ, որ որդին ծնած է բանակի օրը, ամբողջ գիտակից կեանքը նուիրեց բանակին, զինուորին ու հայրենիքի սահմաններու պահպանութեան: Լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ տիկին Համեստը դժուարութեամբ արտաբերած է բառերը՝ արցունքները խեղդելով կոկորդին մէջ: Ան նշեց, որ թերեւս այդպէս պէտք է ըլլար, որ Արմենակը ծնէր բանակի օրը ու ազգի ու ժողովուրդին համար հերոսութիւն ընէր:
«Կը ցաւիմ, բայց… Կ’ուզեմ նաեւ շնորհաւորել Հայաստանի զինուած ուժերու սպաները, ցանկալ, որ միշտ ըլլան կայուն, հզօր: Անոնք մեր վստահութիւնն են, առանց իրենց մենք չենք կրնար գոյութիւն ունենալ»,- ըսաւ տիկին Համեստը:
2016 թուականի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն միջեւ լայնամաշտաբ ռազմական գործողութիւններ սկսան արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքին: Աւելի թէժ մարտեր ընթացած են արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծի հարաւային՝ Հադրութ եւ հիւսիսարեւելեան՝ Մարտակերտ, ուղղութիւններուն վրայ: Նոյնինքն Մարտակերտի մէջ ալ իր դիրքի զինուորներուն հետ կեանքը հայրենիքին զոհեց Ուրֆանեանը, որ բանակին մէջ յայտնի էր որպէս զինուորներուն եղբօր նման սիրող հրամանատար:
Արմենակ Ուրֆանեանի ծննդեան ու բանակի օրուան կապակցութեամբ նահատակուած տղոց շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Եռաբլուր եկած էին բարձրաստիճան զինուորականներ, սպաներ, ազատամարտիկներ ինչպէս ՀՀ-էն, այնպէս ալ Արցախէն, քաղաքական գործիչներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ պարզապէս քաղաքացիներ, որոնք ծաղիկներ խոնարհեցին շիրմիներուն: Հայոց եկեղեցւոյ սպասաւոր հոգեւորականներն ալ պատարագ մատուցեցին՝ տղոց հոգիի հանգստութեան համար: