«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 29-ին ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Եւրամիութեան աջակցութիւնը մեր երկրի ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ վստահութիւն յայտնած է, որ այցը դրական նշանակութիւն կ’ունենայ գործակցութեան հետագայ ընդլայնման համար:
«Կարծում եմ` շատ օգտակար կը լինի այսօր աւելի շատ խօսել ոչ թէ անցեալի, այլ ապագայի մասին,- ընդգծած է նախագահը եւ շարունակած:- Ամէն օրը՝ այսօրը, վաղը, ի վերջոյ, դառնում են անցեալ, եւ եթէ մենք տքնաջան չաշխատենք այն աւելի լաւը դարձնելու համար, կը վատնենք ամենաթանկարժէքը, որն ունի մարդկութիւնը՝ ժամանակը»:
Եոհաննէս Հանը, իր հերթին, ըսած է, որ մեծ նշանակութիւն կու տան Եւրամիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ եկած են՝ լսելու, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կան եւ հասկնալու, թէ ինչպէս կրնան աջակցիլ:
Նախագահ Սարգսեան առաջարկած է յատկապէս մեծ ուշադրութիւն յատկացնել ապագային՝ 21-րդ դարու արհեստագիտութիւններու զարգացմանն ուղղուած ծրագիրներուն՝ ընդգծելով, որ խօսքը ոչ միայն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններուն, այլեւ տարբեր ոլորտներու մէջ արհեստական բանականութեան օգտագործման մասին է:
Նշելով, թէ իր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանը ըլլայ ժամանակակից եւ ուժեղ երկիր՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Ցանկացած ոլորտում ինչ-որ անելու ենք, պէտք է լինի միայն որակեալ: Եւ այստեղ է, որ ակնկալում ենք մեր գործընկերների աջակցութիւնը եւ սերտ գործակցութիւնը նրանց հետ»: