Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Վենեզուելայի Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Բանակցին Բանակին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Վենեզուելայի ընդդիմադիր ուժերը ներքին կարգով բանակցութիւններ կը վարեն զինուած ուժերուն հետ՝ նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն իշխանութենէն զրկելու նպատակով:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը գրէ «ԹԱՍՍ»-ը: «Մենք ղեկավարութեան անունով բանակցութիւններ կը վարենք քաղաքացիներուն եւ զինուած ուժերուն հետ: Տեղի կ’ունենան հանդիպումներ՝ առանց մեծ ուշադրութիւն բեւեռելու այս ամէնուն վրայ»,- ըսած է ընդդիմադիր ուժերու առաջնորդ Խուան Կուայտօն:  

Յիշեցնենք, որ Յունուար 23-ին Վենեզուելայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած են ընդդիմութեան բողոքի ցոյցեր, որոնք վերաճած են ոստիկանութեան եւ Ազգային թիկնազօրներուն հետ ընդհարումներու: Հասարակական կազմակերպութիւններուն տուեալներով՝ մահացած է ցոյցերու առնուազն 26 մասնակից: Բերման ենթարկուած են Յունուար 21-էն շարունակուող բողոքի ցոյցերուն մասնակիցներ 364-ն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին