Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելած Է «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնն ու հոգեւոր առաջնորդ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը բանակի օրուան առթիւ այցելած են «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն: «Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ  պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ այսօր այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին