Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հայոց Փառապանծ Բանակը Մեր Ժողովուրդին Հպարտութիւնն Է. Բակօ Սահակեանի Ուղերձը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան բանակի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Մեծարգո՛յ Նիկոլ,

Արցախի ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Բանակի օրուան առիթով:

Հայոց փառապանծ բանակը մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն է, անոր ազատութեան ու անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման կարեւոր գրաւականներէն մէկը:

Փա՜ռք ու պատիւ մեր հերոսական բանակին, հայրենիքի ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր նահատակներուն, քաջ զինուորներուն, ուրուն անսասան կամքի, խիզախութեան ու անձնուիրութեան շնորհիւ այսօր ամուր են հարազատ երկրի սահմանները:

Այս նուիրական տօնի առնչութեամբ անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ մեր ողջ ժողովուրդը: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ ու նոր յաղթանակներ Մայր Հայրենիքին եւ Հայոց բանակին»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին