Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Աշխատանքով Ապահովել Զինհաշմանդամները. ՀՀ Նախագահը Յայտարարեց «Հայրենիքի Պաշտպան» Նախաձեռնութեան Սկիզբը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ նախագահական նստավայրին մէջ Բանակի օրուան առիթով պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին՝ յայտարարեց ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամ դարձած անձերը աշխատանքով ապահովելու նոր ծրագիրի մը մեկնարկին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Հանրապետութեան նախագահի հիմնարկը՝ կառավարութեան, պաշտպանութեան եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն հետ համատեղ աշխատանքով՝ առաջարկած է ծրագիր, որ կը կոչուի «Հայրենիքի պաշտպան»:

«Ծրագիրը ուղղուած է օժանդակելու այն անձերուն, որոնք վտանգած են իրենց կեանքը ծառայութեան ընթացքին եւ անոր պատճառով հաշմանդամ դարձած: Այդպիսի անձերու, հայրենասէր զաւակներու թիւը, ցաւօք սրտի, քիչ չէ: Եւ ի հարկէ այդ անձերը լրիւ իրաւունք ունին ոչ միայն յարգուելու, սիրուելու, այլեւ շարունակելու մասնակից դառնալ մեր հասարակական, քաղաքական, տնտեսական կեանքին: Հետեւաբար, «Հայրենիքի պաշտպան» նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի օժանդակելու զինուորական ծառայութեան ընթացքին հաշմանդամութեան կարգ ստացած զինծառայողներուն, գտնելու նրանց համար աշխատանք: Այսինքն, նախաձեռնութիւնը պէտք է կապող օղակ ըլլայ բանակին մէջ ծառայած, հաշմանդամութիւն ստացած անհատներուն, բանակի եւ միւս կողմէն պետական կառոյցներուն, հասարակական, բարեգործական կառոյցներուն, գործարարներու հետ»,- պարզաբանած է ՀՀ նախագահը:

Մօտակայ շրջանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն ներս՝ աշխատանքի պիտի ընդունուին զինուորներէն երկու-երեքը, որոնք հաշմանդամութիւն ունին: «Անոնք հաւանաբար եւ ֆիզիկական դժուարութիւններ ունին այսօր, բայց անոնցմէ իւրաքանչիւրը պայծառ անձնաւորութիւն է եւ համապատասխան օգնութեան, կրթական ծրագիրի միջոցով անոնք կրնան վերադառնալ կեանք, դառնալ լիարժէք մարդ, ոչ միայն թոշակ ստանալ, այլեւ մասնակցիլ կեանքին, իրենց զգալ շատ վստահ եւ, ի հարկէ, իրենք իրենց ձեռքով լուծել իրենց առջեւ ծառացած խնդիրներ՝ սկսեալ նիւթականէն մինչեւ անձնական կեանք: Եւ այդ ծրագիրէն մեր առաջին ծիծեռնակը, բազէն, որուն ընդունած ենք աշխատանքի, Գոռ Դարմանեանն է, որ պատերազմի մասնակից է, հերոս, հաշմանդամ, որ այսօր կ՝աշխատի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մէջ»,- նշած է Արմէն Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին