Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Խմբագրական Ազդ (լուսանկարներ)

Հետեւեալ հինգ նկարները տրամադրուած են Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին կողմէ, այսօրուայ մեր թիւին ընկերակցող՝ Օրդ. Անժէլ Ճանճանեանին յիշատակին նուիրուած յաւելուածին հրատարակութեան առիթով: Օրդ. Ճանճանեանի յիշատակին նուիրուած այս նկարներուն հրատարակութեան կողքին Կեդրոնի կողմէ այս առթիւ Զարթօնքին յղուած ստորեւ հրատարակուող ազդը կը յանձնենք մեր ընթերցողներուն աչալուրջ ուշադրութեան:

«Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը պատրաստ է սեփականատէրերուն ներկայութեան պատճինելու Միջին Արեւելքի հայօճախներու վերաբերող որեւէ անձնական, ընտանեկան, հաւաքական, խմբային, հանրային լուսանկար, փաստաթուղթ, վաւերաթուղթ, ստացագիր, որ ունի յիսուն տարիներու անցեալ:

Կեդրոնը պատրաստ է պատճինուած այս նիւթերէն օրինակ մը տրամադրելու սեփականատէրերուն, վերջիններուս վերապահելով նաեւ իրաւունքը՝ բնօրինակ-նիւթերը աւանդ յանձնելու Կեդրոնին կամ այլ որոշում կայացնելու:

Կեդրոնը վերոյիշեալ նիւթերը պատրաստ է դնելու հանրութեան, մանաւանդ գիտահետազօտողներու եւ ուսումնասէրներու տրամադրութեան տակ, հաւատալով որ անոնք կրնան խթան հանդիսանալ գրելու Միջին Արեւելքի հայօճախներու կենսագործունէութեան որեւէ դրսեւորում՝ կրթական, դպրոցական, մշակութային եւն.»:

ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան Աղջ. Բարձր. Վարժ., 1949-1950

Նախապատրաստական Բ. կարգ»: Ա. շարք, ձախէն աջ.- ԱՆժէլ Ճանճանեան, Երանուհի Պոյաճեան, Վարդուհի Գաբոյեան, Արաքսի Քիւփէլեան, Սոնա Ղազարեան, Սիրվարդ Գալուստեան, Յասմիկ Մանուկեան, Արշակուհի Յովսէփեան, Սիրվարդ Մազմանեան, Մարի-Լուիզ Դաւիթեան: Բ. շարք.- Պերճուհի Չուքատարեան, Անահիտ Պայեան, Մարի Գասպարեան, Մաքրուհի Պոյաճեան, Լուսանկ Առատեան, Անայիս Եղիայեան, Անահիտ Մանուկեան, Նոբւարդ Սապունճեան, Փայլիկ Քունտաքճեան, Հայկուհի Գուտուզեան, Գոհարիկ Կեպենլեան, Սիրարփի Կետէրեան: Գ. շարք.- Զուարթ Գույումճեան, Սարա Զեքիեան, Մարիամ Տեմիրճեան, Թագուհի Օհանեան, Մարի Ոսկերիչեան, Մարիամ Փարթամեան, Ռոզա Տագէսեան, Սիրարփի Արփաճեան, Արեգնազ Պիտինեան, Ալիս Տաղլեան: Դաստիարակուհի Օր. Էլիզ Քէօսէեան, տնօրէն՝ Յակոբ Յ. Պուճիգանեան»: Photo Yervant, Place des Canons, Imm. Farkouh, 1er étage, Beyrout Liban

Photo Yervant, Place des Canons, Imm. Farkouh, 1er étage, Beyrout Liban

«1952ին, նեկրօներու պարը, միջնակարգ Բ. դասարան», վերի շարք, աջէն երկրորդը՝ Անժէլ Ճանճանեան:

Դպրոցական պտոյտ, Շաուր, 4 Յունիս 1952 թուակիր

Աջին՝ Փայլիկ Քունտաքճեան, ձախին՝ Անժէլ Ճանճանեան, «Շաուր, 4 Յունիս 1952»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին