Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ տարբեր երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու առաջնորդներուն հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Զուիցերիոյ նախագահ Ուելի Մաուրերը բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ անդրադարձած տնտեսական գործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցերու: Կողմերը պայմանաւորուած են դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով յստակացնել տնտեսութեան այն ճիւղերը, որոնք կրնան հեռանկարային ըլլալ գործակցութիւնը զարգացնելու հարցին մէջ: Անոնք համոզում յայտնած են, որ, հետեւաբար, լաւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ժողովրդավարութեան զարգացման հարցին մէջ բարձր կը գնահատէ Զուիցերիոյ փորձը, եւ Հայաստանը շահագրգռուած է տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ երկկողմ գործակցութեամբ: Իր հերթին, Ուելի Մաուրերը ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է այդ ուղղութեամբ ալ սերտացնելու կապերը Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Նիկոլ Փաշինեան Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէի հետ քննարկած է տնտեսական կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս ներդրումային ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ: Զրուցակիցները հեռանկարային համարած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ գործակցութիւնը:
Փոլ Քակամէն նշած է, որ տեղեակ է «Թումօ» կեդրոնի յաջող գործունէութեան, եւ իրենք շահագրգռուած են այդ ուղղութեամբ գործակցութեան զարգացումով:
Իր հերթին, վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային քոնկրեսը եւ Ռուանտայի ՏՏ ոլորտի ընկերութիւնները հրաւիրած է մասնակցելու այդ կարեւորագոյն միջոցառումին:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս գործակցութեան: Փոլ Քակամէն բարձր գնահատած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովը եւ նշած, որ անիկա նոր էջ բացած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան համաժողովի ծիրէն ներս կարճատեւ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ: