Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Արուեստը Յանուն Խաղաղութեան. Սեւ Ու Սպիտակ Լուսանկարչութեան Գրաւչութիւնը (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 22

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Յունուար 22-ին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի  ու PhotoPodium.com կայքի ղեկավարութեան կողմէ Երեւանի Թէքէեան կեդրոնի ցուցասրահը կազմակերպուած էր «B&W» միջազգային լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը: Ցուցահանդէսին իրենց սեւ ու սպիտակ աշխատանքներով կը մասնակցէին աշխարհի 7 երկիրներէ 24 հեղինակներ: Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած էր 119 աշխատանք:

«Թէքէեան կեդրոն»-ի ցուցասրահը մարդաշատ էր: Սեւ ու սպիտակ նկարներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը մարդոց մօտ մեծ էր, նեկայացուած աշխատանքներն ալ՝ յիշարժան ու գրաւող: «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան իր բացման խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները 2019 թուականի առաջին ցուցահանդէսի բացումին կապակցութեամբ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն:

«Իւրաքանչիւր անգամ նոր խօսք կը տեսնենք, սա թիւով 14-րդն է, բայց ոչ մէկ նկար կը կրկնուի: Եթէ նոյնիսկ հեղինակները կը կրկնուին, միեւնոյնն է, նոր խօսքը կայ: Ցուցահանդէսը «Սեւ ու սպիտակ» կը կոչուի: Կը կարծեմ, թէ մեկնաբանելու կարիք չկայ: Ժանրային սահմանափակում չըլլալը այս պարագային շատ մեծ առաւելութիւն է, երբ այստեղ կը տեսնենք տարբեր ժանրերու աշխատանքներ՝ դիմանկարներ, բնանկարներ եւ այլն»,- իր խօսքին մէջ նշեց Ծուլիկեան:

Ներկաներուն խօսքով՝ լուսանկարչութեան այս ոճը չէ կորսնցուցած իր արդիականութիւնն ու հետաքրքրութիւնը, որուն ապացոյցն է ցուցահանդէսի ներկաներուն մեծ թիւը:

Ցուցահանդէսի համակարգող Արմէն Ենգոյեան, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ արդէն 14-րդ ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, հիւրերուն, Թէքէեան մշակութային կեդրոնին: «Մէկ-մէկ կ’ըսեն, թէ ինչո՞ւ այսքան ցուցահանդէս կ’ընէք, մարդոց թիւը քիչ է, բայց կ’ընենք, որպէսզի ցոյց տանք, որ լուսանկարներն ալ արուեստ են: Կաթիլ-կաթիլ զարնելով նոյն կէտին՝ ժողովուրդին կ’ուզենք ցոյց տալ, որ այս ալ արուեստ է: Պարզապէս նկարել, յետոյ հեռախօսին վրայ դնել ու վերջ: Սա չէ խնդիրը»,- ընդգծեց ցուցահանդէսի համակարգող:

Սեւ ու սպիտակ լուսանկարչութիւնը երբեմն շատ աւելի ճշգրիտ ի ցոյց կը դնէ այս կամ այն աշխատանքը, ստեղծագործութեան գաղափարը, մտայղացումը՝ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը չշեղելով զանազան գոյներով: 

«Սեւ ու սպիտակ» ցուցահանդէսը կեանքի կոչուած է Ռուսիոյ Գեղարուեստի ակադեմիայի, Ռուսիոյ Գեղարուեստի ակադեմիայի մերձվոլկեան մասնաճիւղի, Ռուսիոյ նկարիչներու ստեղծագործական միութեան ցուցահանդէսային եւ կրթական ծրագիրներու, «Մոսկովեան հանրագիտարաններ» հիմնադրամի աջակցութեամբ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարներուն թիւը 119ն է, որոնց 24 հեղինակները 7 տարբեր երկիրներէ են:

Ցուցահանդէս բաց կը մնայ «Թէքէեան Կեդրոն»ի երկրորդ յարկի ցուցադրասրահին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին