Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Ամերիկան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ոճրագործը…

Այս ահռելի դէպքը պատահած է Ուիսքանսըն նահանգի Պեռըն քաղաքին մէջ, անցեալ տարուան Հոկտեմբեր ամսուան մէջ։ Արդարեւ, 21 տարեկան Ճէյք Բեթըրսըն (տես նկարը) տեսած է 13 տարեկան Ճէյմի Քլոսը (տես նկարը), որ դպրոցական օթոպիւսէն իջնելով տուն կ’երթար։

Ճէյք կը մտադրէ դեռատի աղջիկը փախցնել եւ տուն տանիլ։ Ուստի, գիշեր մը կ’երթայ անոնց տունը՝ այդ նպատակով։ Սակայն երբ կը տեսնէ, որ մէկէ աւելի ինքնաշարժ կայ տան առջեւ, կը հրաժարի իր սատանայական դաւէն եւ կը վերադառնայ տուն։

Դժբախտաբար հոս չի վերջանար մեր պատմութիւնը։ Ան ուրիշ գիշեր մը, երրորդ անգամ ըլլալով, դարձեալ կ’երթայ Ճէյմիի տունը եւ կը փորձէ ներս մտնել։ Քունի անցած Ճէյմի լսելով շան հաջոցը` կ’արթնցնէ մայրը եւ երկուստեք կը պահուըտին բաղնիքը, ուր մայրը կը հեռաձայնէ ոստիկանութեան։

Ճէյք դրան առջեւ կը սպաննէ հայրը եւ կ’ուղղուի դէպի բաղնիք, ուր կը սպաննէ նաեւ Ճէյմիի մայրը։ Հուսկ ապա կը կապէ Ճէյմիի ոտքերն ու ձեռքերը եւ կը փախցնէ զինք։ Ճէյք Ճէյմին կը տեղաւորէ ինքնաշարժին ետեւի սնտուկը եւ կ’երթայ իր տունը… Ան ճամբան կը հանդիպի ուստիկանութեան ինքնաշարժներուն, որոնք կ’ուղղուէին դէպի ոճիրի վայրը` անսալով Ճէյմիի մօր կանչին։

Ճէյմի արհաւիրքի օրեր կ’անցընէ երեք ամիս, անխիղճ Ճէյքի ձեռքէն։ Ճէյմի կը պատմէ, թէ երբ տունը հիւրեր գային, Ճէյք կը ստիպէր զինք, որ պահուըտի անկողինին տակը, մինչեւ որ հիւրերը երթային։ Ան շատ յաճախ անօթի եւ ծարաւ կը մնար, մինչեւ որ Ճէյք վերադառնար տուն։

Յունուար ամսուան մէջ, Ճէյք Ճէյմիին կ’ըսէ, որ տունէն պիտի բացակայի մի քանի ժամ։ Դեռատի, սակայն քաջ աղջիկը պատեհ առիթը գտնելով կը փախի տունէն` Ճէյքի կօշիկները հագած։ Հաւանաբար իր կօշիկները պահուած կամ նետուած էին, որպէսզի ան փախուստի մասին չմտածեր։

Հիմա Ճէյք ամբաստանուած է կրկնակի սպանութեամբ եւ դեռատի աղջիկ մը փախցնելու մեղադրանքով։ Ան բանտը պիտի մնայ, մինչեւ որ դատավարութիւնը սկսի, եւ իր փրկագինն է հինգ միլիոն տոլար։

Մեղրալուսինին Փոխարէն` Ընտանեկա՞ն Լուսին…

Կարծես այս է վերջին նորաձեւութիւնը Ամերիկայի ամուսնական կեանքին մէջ` Familymoon։ Բայց ինչո՞ւ Familymoon եւ ոչ Honeymoon, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Մեր գիտցած աւանդական ամուսնութեան մէջ պսակադրութենէն ետք հարս ու փեսա կ’երթան մեղրալուսինի։ Իսկ ամերիկեան առումով՝ եթէ պատահի, որ պսակադրուող զոյգերէն իւրաքանչիւրին երկրորդ ամուսնութիւնն է, մեղրալուսինը իմաստազուրկ կ’ըլլայ, այնպէս չէ՞։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Կուէնեթ Բելթրօ սինեմայի նշանաւոր աստղերէն մին է։ Ան վերջերս երկրորդ ամուսնութիւնը կնքեց հեռատեսիլի բեմադրիչ Պրետ Ֆելչաքի հետ։ Անոնք (տես նկարը) մեղրալուսինի, կը ներէք, ընտանեկան լուսինի պիտի ըսէի, կը ձեռնարկեն մասնակցութեամբ իրենց չորս զաւակներուն . . .

Հոս պէտք է անմիջապէս նշեմ, թէ չորս զաւակներէն երկուքը Կուէնեթի նախկին ամուսինէն է, իսկ միւս երկուքը՝ Պրետի նախկին կինէն։ Աւելին, տաք ապուրին վրայ պաղ ջուր թափելու պէս, Կուէնեթի նախկին ամուսինը՝ երգիչ Քրիս Մարթինն ալ կը մասնակցի այդ լաբիրինթոսին։

Ըստ երեւոյթի, հաւանական է, որ երբ Կուէնեթ եւ Պրետ սեռային յարաբերութեան մէջ գտնուին, քանի մեղրալուսինը անոնց կը պատկանի, անոնց չորս զաւակներուն Քրիսի նման  հոգատար մը (baby sitter) պէտք է, չէ՞։

Գիտէք, Ամերիկայի ամուսնական կեանքի վերջին լոզունքը ի՞նչ է։ Մենք ամուսնալուծուած ենք, սակայն իրարու հետ բարեկամ կը մնանք։ Սա եթէ այրած սրտի անհամոզիչ մխիթարանք չէ, ի՞նչ է։

Արդեօք այս նորաձեւութիւնը դերասաններու եւ արուեստագէտներու մասնայատուկ է՞, թէ պարզ մահկանացուներն ալ վարակուած են այդ ախտէն՝ կ’արժէ հետաքրքրուիլ եւ պարզաբանել։

Վերջապէս լրջութիւնը անհետացած ըլլալ կը թուի ամերիկեան կեանքին մէջ եւ փոխարէնը՝ ձաբռտուքը ներխուժած։ Աստուած վերջը բարին ընէ, ամէն . . .

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին