Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

ՌԱԿ Պայքար Ակումբի Սուրբծննդեան Աւանդական Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

ՎԻԳԷՆ Կ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Ամանոր եւ Սուրբ ծնունդ:

Նոր տարի, նոր յոյսեր, նոր երազներ:

ՌԱԿ Պայքար ակումբի վարչութեան կողմէ Սուրբ ծնունդի առիթով կազմակերպուող, աւանդութիւն դարձած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ: Գեղազարդ սրահը իրենց ներկայութեամբ կը զարդարէին բազմաթիւ ընկեր-ընկերուհիներ, բարեկամներ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան անդամներ:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ »Զարթօնք» օրաթերթի աչակցութիւնը վայելող Սուրբծննդեան եւ անշուշտ Ամանորին նուիրուած այս ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՌԱԿ «Պայքար» ակումբի ատենապետ ընկ Վահան Գրիգորեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելիներ, տարեփակը միշտ հաշուետուութեան ժամանակ է: Մենք մեզի կը մտածենք, թէ ի՞նչ բաներ կրցանք կատարել անցեալ տարուան ընթացքին եւ ի՞նչ բաներ պէտք է կատարենք նոր` 2019 տարուան ընթացքին: Անհատապէս եւ հաւաքաբար պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՞ս պէտք է արժեւորենք նոր տարին: Անհատի մը եւ հաւաքականութեան մը համար հաշուետուութիւն կատարելը յաջողութեան սկիզբն է: Առանց անոր չենք կրնար բարելաւել մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը: Ո՞ւր շահեցանք եւ ո՞ւր կորսնցուցինք եւ ի՞նչ են պատճառները: Այս է որ պէտք է կատարենք անհատապէս եւ հաւաքաբար:

Այս ըմբռնումով ալ մենք` որպէս  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Պայքար ակումբ, պիտի ուզէինք, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք իր անձնական կեանքին մէջ յաջող եւ առողջ նոր տարի մը ունենալէ անկախ, 2019 տարին դիմաւորէ հետեւեալ նշանաբանին թելադրութեամբ ու զօրութեամբ՝ ազգապահպանում: Ազգովին պէտք ունինք վերազարթնումի: Որպէս հին ժողովուրդի մը զաւակներ` հայու ոգին պահելու համար պէտք ունինք համերաշխութեան, իրարու ձեռք բռնելու եւ զիրար բարձրացնելու ու իրարմով հպարտանալու: Ազգապահպանում հայոց լեզուի պահպանման ճամբով, ազգապահպանում հայոց մշակոյթի ճամբով, ազգապահպանում հայրենակերտումի ճամբով: Ուրախ ենք, որ Հայաստանի մէջ մեր հայրենակիցները բռնեցին իսկական զարգացումի ճամբան: Յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց ամէն մէկ քայլին: Աստուած իրենց պահապան:

Թող Սուրբծննդեան աւետիսը մեր սրտերը նորոգէ նոր լոյսով, մշտական յոյսով, եւ թող միշտ անամպ ըլլայ հայ ժողովուրդի 2019-ի երկինքը:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»:

Պէտք է ուրախութեամբ արձանագրել, որ «Պայքար» ակումբի վարչականները ջանք չէին խնայած, որ երեկոն ընթանար անթերի եւ կատարեալ ձեւով: Այս ուղղութեամբ ալ անոնք կ’աշխատէին ժրաջան մեղուներու նման: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, եւ շատ մը ներկաներ շահեցան արժէքաւոր նկարներ: Իսկ ժամեր տեւած ճաշկերոյթի ընթացքին, ներկաները երգով, պարով ու նուագով ուրախ ու բացառիկ պահեր անցուցին լիբանանահայ սիրուած երգիչ Սահակ Սիսլեանի ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ:

Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին