ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արցախի Հանրայինը Արդէն Հասանելի Է Ամէնուր
«Ինթելսաթ» միջազգային համակարգի միջոցով՝ Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը արդէն կը սփռուի նաեւ Արցախի սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու՝ Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Ղազախիստան: Ազրպէյճանի մէջ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան՝ արբանեակային սփռուածութիւն ունենալու փաստը ցաւոտ ընդունած են: Միաժամանակ արձանագրել, որ այս նորամուծութեան շնորհիւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը հասանելի կ’ըլլայ ոչ միայն նախապէս որոշուած հատուածին մէջ, այլ կրնայ վերահեռարձակուիլ եւ հասանելի ըլլալ գործնականօրէն մոլորակի ամբողջ տարածքին:
Արցախի մէջ հարցը չեն քաղաքականացներ, խնդիրը շատ աւելի պարզ կը դիտարկեն: Երկու հիմնական հարց լուծուած է: «Մէկը, որ մեր Հանրապետութեան տարածքին Արցախի հանրայինի սփռուածութիւնը կ’ըլլայ 100 տոկոս, միւսը, որ անկէ օգտուին ՀՀ եւ արտերկիր ապրող մեր հայրենակիցները»,- կը թուարկէ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան կապի, հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բաժնի պետ Կարէն Գրիգորեանը:
Եւ ոչ միայն հայրենակիցները: Արցախի հանրայինին մէջ կը նախապատրաստուին, որ արցախեան հեռուստաարտադրանքը ոչ միայն հասանելի, այլեւ հասկնալի ըլլայ արտասահմանի մէջ: «Մենք մտադիր ենք մեր հեռուստահաղորդումները թարգմանել գոնէ երկու լեզուով՝ ռուսերէն եւ անգլերէն, որպէսզի դիտուելու հնարաւորութիւն ունենան նաեւ օտարերկրացիները»,- կը մանրամասնէ «Արցախի հանրային հեռուստառատիօընկերութիւն» ՓԲԸ գործադիր տնօրէն Մերի Դաւթեանը:
Նոր հնարաւորութիւնները պիտի ստիպեն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու նաեւ հեռուստաարտադրանքի որակին՝ աւելի բազմակողմանի ներկայացնելով Արցախի գրաւչութիւնները: «Այո՛, սա կը ստիպէ ձգելու մեր գօտիները, որպէսզի կարողանանք աւելի հետաքրքրական, աւելի դիտարժան նիւթ ներկայացնել մեր լսարանին: Սա հնարաւորութիւն է հակազդելու ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան, աւելի լայն ու աւելի բազմակողմանի ներկայացնել մեր երկիրը»,- կ’ընդգծէ Մերի Դաւթեանը:
Հանրայինի տնօրէնը նորութիւններ կը խոստանայ նոր եթերաշրջանին, որ Մարտ 1-ին պիտի մեկնարկէ:
Ստեփանակերտ