«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի գրասենեակը մերժեց հաւանութիւն տալ Լիպիոյ Հանրապետութեան՝ Յունուար 19-20 նախատեսուած ընկերատնտեսական զարգացման գագաթնաժողովի մասնակցութեան:
Նշենք, որ Պըրրի միակ պաշտօնատարը չէ որ վերապահում դրսեւորած է այս առումով: Շիի բարձրագոյն խորհուրդը երէկ արտակարգ նիստ գումարեց՝ Լիպիոյ մասնակցութիւնը քննարկելու համար:
Ուրբաթ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընկերատնտեսական զարգացման արաբական գագաթնաժողովի տեղեկատուական գրասենեակը նշեց, որ թէ՛ բարձրագոյն կոմիտէի ղեկավարը, որուն յանձնարարուած է գագաթնաժողովի կազմակերպական աշխատանքը, եւ թէ՛ գործադիր կոմիտէի ղեկավարը խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած էին գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ու հրաւիրուած երկիրներու ցանկը: