Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատուաւոր դոկտորայի կոչումի տուչութիւն:
Կոչումի արժանացողը լիբանանահայ քաղաքական եւ ազգային գործիչ, պատմաբան, 17 տարի Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եղած տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանն էր, որ կ’արժանանար Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի կողմէ պատմական գիտութիւններու պատուոյ դոկտորայի կոչումին:
Լիբանանահայ տարբեր հոսանքներու պատկանող գրասէր եւ պատմասէր հասարակութեան մը ներկայութեան, ուր ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ հակիրճ բացատրեց օրուան հաւաքին նպատակը (Խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ):
«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի խմբագրական կազմի անդամ եւ Հայ աւետարանական գոլէճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուց «Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի պատմագիտական հետազօտութիւններու արժեւորումը»` շեշտելով անոր գիտականութիւնը, ժամանակի ընթացքին նոյն նիւթը զարգացնելու ձգտումը եւ գործակցութեան ոգին (Խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ):
Հայկազեան համալսարանի ուսանողներէն Լոռի Պիլալեան (ֆլիւթ) եւ Վահան Սաղտըճեան (դաշնամուր) արհեստավարժ մակարդակով կատարեցին «Երեւան-Էրեբունի»-ն:
Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կարդաց տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին տրուած կոչումին որոշումը: Ան բարձր գնահատեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ եւ այդ պայքարին մէջ ծնունդ առած կուսակցութիւններուն խաղացած դժուարին, բայց պատուաբեր դերը: Փրոֆ. Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ պէտք է արդար արժեւորումը կատարել ազատագրական պայքարի ինքնազոհ նուիրեալներուն` գործ մը, որ շրջանէ մը ի վեր կը կատարէ տոքթ. Ե. Ճէրէճեան:
Իր շնորհակալական խօսքին մէջ տոքթ. Ե. Ճէրէճեան հակիրճ բացատրեց, որ ատամնաբուժական եւ երեսփոխանական ասպարէզներէն ետք, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անցում կատարած է դէպի պատմագրութիւն: Ան իր պարտաւորութիւնը յայտնեց այսուհետեւ բարձր պահել զինք պարգեւատրող հաստատութեան՝ ՀՀ ԳԱԱ եւ պատմութեան ինստիտուտին վարկը:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, որ Հայկազեանը միշտ ալ պատրաստ է նման ուսումնական եւ գիտական ձեռնարկներու հանդիսաբեմը ծառայելու: Իսկ տոքթ. Ե. Ճէրէճեանին Հայկազեանը ծանօթ է շատոնց, երբ ան սկսած է աշխատակցիլ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին եւ յաճախել համալսարանին գրադարանը:
Ներկաներուն միջեւ մտերմիկ խօսակցութիւնները շարունակուեցան ընդունելութեան սեղանին շուրջ: