Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Եւրոպայի Հնագոյն Հայոց Գաղութին ՄԷջ Արդէն 1000 Տարիէ Ի Վեր Կը Ղօղանջեն Հայկական Եկեղեցիներու Զանգերը

Շուրջ 1000 տարի առաջ հաստատուելով Ռումանիոյ մէջ` հայերը կառուցեցին եկեղեցիներ ու դպրոցներ` խոր արմատներ ձգելով ռումանական հիւրընկալ հողին վրայ: 1401թ. Ալեքսանտր Պարի իշխանի հրովարտակով հաստատուեցաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմը` իր հայրական հոգածութեան տակ առնելով, կրթելով ու դաստիարակելով տեղի հայութիւնը, կապելով իրենց արմատներուն եւ հաւատքին հետ: Եւ ահա շուրջ 1000 տարի մշտապէս կը ղօղանջեն բոլոր հայկական եկեղեցիներու զանգերը: Բացառութիւն չէր նաեւ այս անգամ: Առիթը Տիրոջ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնն էր, որուն առիթով  հերթական անգամ հնչեցին բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ազդարարելով Փրկիչի Ծնունդը: Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանի տնօրինութեամբ ու օրհնութեամբ տօնական Ս. Պատարագներ մատուցուեցան ու ձեռնարկներ իրականացուեցան գրեթէ բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ:

Պուխարեստ – Առաջնորդանսիտ Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ յունուար 5-ին Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ մատուցեց Թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան` ներկայ հաւատաւոր բազմութեան ուղղելով իր պատգամն ու աւետելով Տիրոջ Ծննդեան բարի լուրը` մասնաւորապէս նշելով. «Քրիստոսի Ծնունդն ու մարդեղացումն իրական հրաշք է: Զօրութիւններու Տէր Աստուած, Որուն գահը երկինքն է եւ ոտքերու պատուանդանը` երկիրը, Որուն կը ծառայեն հրեշտակները, արեւն ու լուսինը, կը ծնի Ս. Կոյսէն  փոքր ու աղքատ մսուրի մը մէջ: Դժուար է մարդկային պատկերացումներով հասկնալ Բեթղէհէմեան մսուրին մէջ կատարուած հրաշքն իր ողջ գեղեցկութեամբ հանդերձ: Մեզի կը  մնայ միայն ծունկի իջնել եւ երկրպագել ծնուած Մանուկին, ինչպէս վարուեցան հովիւներն ու մոգերը: Իրապէս սա հրաշք է, սիրելիներ, հրաշք, որ այսօր կը յայտնուի մեզի, բայց յաջորդ օրը կը մոռնանք, քանի որ սովոր չենք եւ կը վախնանք ապրիլ հրաշքով: Այդ հրաշքը Աստուծոյ որդիի ծնունդով սկսած այն նոր կեանքն է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ հրաժարելու մեղքէն ու չարիքէն եւ ապրելու Աստուծոյ շնորհով ու ողորմածութեամբ: Մանուկ Յիսուս իր ծննդեան պահէն գրկեց ողջ աշխարհը, մարդոց` աստուածային Իր սիրով փրկութեան առաջնորդելու եւ պահպանելու համար: Այսօր երկիրը երկինք դարձաւ: Երկինքն այն տեղն է ուր ներկայ է Աստուած: Աստուած իր ներկայութեամբ երկիրը երկինք դարձուց: Ոչ ոք Աստուծոյ ստիպեց մարդանալ, ոչ ոք  կրնար Աստուծոյ երկինքէն երկիր իջեցնել, բայց միայն աստուածային անսահման սէրը հանդէպ Իր պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած մարդը: Մենք միայն պէտք է ընդունինք Տիրոջը, աստուածային սէրն ու շնորհները: Ընդունել կը նշանակէ հաւատալ, պայքարիլ, մերժել չարիքը եւ մեր ազնիւ ընթացքի ու զգացումներու պտուղները ընծայաբերել Մանուկ Յիսուսին: Աշխարհն իր չարութեամբ Աստուծոյ համար քարայրէն ու մսուրէն բացի այլ բան չկրցաւ պատրաստել: Սա դեռ ամէնը չէր, հալածանքները շարունակուեցան նաեւ ծնունդէն յետոյ, երբ Հերովդէսը կը փնտռէր մանուկը սպաննելու համար: Ու չնայած մարդիկ, աշխարհ, չարն իրենց ողջ դաժանութեամբ մերժեցին Մանուկ Յիսուսը եւ կը ցանկային սպաննել, սակայն Մանուկ Յիսուս յաղթեց աշխարհին աստուածային Իր սիրով ու խոնարհութեամբ: Ուրեմն, սիրելիներ, եկէք աղօթենք միասնաբար Նորածին Փրկիչի մսուրին առջեւ, որ Իր ամենառատ շնորհներով նորոգուին մարդկային հոգիները եւ ողորմութեան, խաղաղութեան, արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհներով ուղղորդուին: Աղօթենք, որ Փրկիչի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդով երկնային շնորհներն ու պարգեւները առատանան աշխարհի մէջ` համայն մարդկութիւնը առաջնորդելով դէպի խաղաղութիւն եւ փրկութիւն: Աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Տէրն անսասան ու անխռով պահէ Ռումանիոյ Հայոց թեմը, հայ եւ ռումանացի ժողովուրդները, Ռումանիոյ պետութիւնը, Հայաստան եւ Արցախ աշխարհները եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Ամէն»:

Յունուար 6-ին Թեմակալ Առաջնորդին կողմէ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ` յաւարտ որուն կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ: Պատարագի արարողութեան կը մասնակցէին արժ. Տ. Գրիգոր քահանայ Հոլկան, արժ. Տ. Եզնիկ քահանայ Թորգոմեան, Հայկ սրկ. Ազարեան, Վահէ դպիր Յովակիմեան: Պատարագին ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ Խորհրդարանին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավար Վարուժան Փամբուկչեան: Յաւարտ Պատարագի Ռումանիոյ Հայոց միութեան հոգածութեամբ Դուդեան կեդրոնին մէջ համայնքի փոքրիկներուն այցելեց Ձմեռ պապը` իր հետ բերելով բազում նուէրներ: Պատարագէն յետոյ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ ընդունելութիւն  կազմակերպուած էր նաեւ Առաջնորդարանին մէջ: Նոյն օրը երեկոյեան Պուխարեստի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ Հայոց Թեմի, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:

Քոնստանցա – Քոնստանցայի հայ համայնքէն ներս Ս. Ծննդեան ձեռնարկները մեկնարկեցին դեռեւս յունուար 4-ին: Ռումանիոյ Հայոց Միութեան Քոնստանցայի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուեցաւ Ս. Ծննդեան նուիրուած տօնական համերգ, որուն մասնակցեցան սոփրանօ, երէցկին Արմինէ Խաչատրեան, մեցոսոփրանօ Սոնիա Հազարեան, դաշնակահար Արամ Մարիուս Նիցան:

Յունուար 5-ի երեկոյեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Քոնստանցայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Օշական քհն. Խաչատրեան: Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ եւ հանդէս, որմէ ետք , միութեան հոգածութեամբ համայնքի երեխաներուն այցելեց Ձմեռ Պապը` իր հետ բերելով բազում նուէրներ:

Յունուար 6-ին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալ բազմութեան: Նոյն օրը տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ Հայոց Միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:

Փիտեշտ – Յունուար 5-ին Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Փիտեշտ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ:

Տիրոջ Ծննդեան տօնը նշուեցաւ նաեւ Պոտոշան, Սուչաւա, Գալաց, Պրըիլա, Թուլչա, Եաշ, Ֆոկշան, Ռոման եւ Թեմի այլ քաղաքներուն մէջ: Յունուար 7-ին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան ու փրկութեան համար:

Այնուհետեւ Թեմի հոգեւորականաց դասը սկսաւ այցելել հաւատաւոր զաւակներու տուները` տանելով Փրկչի Ծննդեան աւետիսը, օրհնելով բոլոր ընտանիքներն ու տան բարիքները` մաղթելով առողջ, խաղաղ ու օրհնաբեր տարի:

Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին