Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Իսլամական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան գործադիր վարչութեան երեք անդամները։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաւելաբար անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը յուզող հարցերուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց իսլամ համայնքներու կրօնական խմբակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը գործակցութեան ճամբով արտայայտելու հրամայականը՝ թէ՛ տեղական եւ թէ շրջանային մակարդակներու վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին