Ֆրեզնոյի հայութեան պատմութեան նուիրուած մնայուն ցուցահանդէս մը բացուած է Ֆրեզնօ Գաւառի Պատմութեան թանգարանին մէջ, ուր լուսարձակի տակ կ’առնուին յատկապէս Ֆրեզնոյի առաջին հայերուն ներդրումները եւ իրագործումները Սան Ուաքին հովիտի տնտեսական ու կրօնական կեանքին եւ հողագործութեան պատմութեան մէջ։
Ցուցահանդէսը իրականացած է շնորհիւ Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտներ Ճեֆրի եւ Ճէյսըն Ահրոնեաններու ջանքերուն եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի, Ռիչըրտ Ահարոնեանի ու Ռիչըրտ Յակոբեանի ցուցաբերած աջակցութեան։
Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել (559) 650-3247 թիւին։