ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
(Վերադարձէ՛ք Ակունքներ)
Մեր Արեգակէն 149,8 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Երկիր մոլորակը, աներեւակայելի արագութեամբ՝ 934 միլիոն քիլոմեթր շրջապտոյտով մը լրիւ պտոյտ կատարած կ’ըլլայ Արեգակին շուրջ, բոլորած ըլլալով տարի մը՝ 365,25 օր տեւողութեամբ. այսպիսով՝ Յունուար 1-ին սկիզբ տալով նոր տարուան՝ Ամանորին:
Յունուար 1-ը՝ որպէս տարուայ սկիզբ, սահմանուած է Ք. Ա. 46 թուականին, Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսարին կողմէ (նոյն թուին Յուլիոս Կեսար ճշդում կատարելով Եգիպտական oրացոյցին մէջ, հիմքը դրած է հին հռոմէական Յուլեան տոմարին): Այդ օրը նուիրուած էր հին հռոմէական դիցարանի ընտրութեան, մուտք ու ելքի, դռներու եւ բոլոր սկիզբներու աստուած՝ Յանուսին եւ վերջինիս անունով ալ ամիսը կոչուած է Յունուար: Ան պատկերուած էր երկերեսանի:
Յանուսի արձանը, Վատիկանի թանգարան
1582 թուականի Փետրուար 24-ին լատիներէն լեզուով լոյս տեսած է Յուլեան տոմարի բարեփոխման մասին՝ «Inter Gravissimas» («Ամէնէն Կարեւորը») Գրիգորիս ԺԳ. պապի (1572-1585) պապական կոնդակը, որով հաստատուած է նոր տոմար եւ պապի անունով ալ կոչուած է Գրիգորեան օրացոյց { Յուլեան տոմարի բարեփոխման առաջարկն ու նախնական ջանասիրութիւնները կատարած է իտալացի թուաբան, աստղագէտ, բժիշկ, ժամանակագիր եւ փիլիսոփայ՝ Ալոյսիուս Լիլիուսը (մօտ. 1510 – 1576): Լիլիուսի մահէն ետք այդ գործը շարունակած է գերմանացի թուաբան եւ աստղագէտ Քրիստափոր Գլաւիուսը (1534 – 1612) }:
Գրիգորիս ԺԳ պապի (1572-1585) պապական կոնդակի՝ «Inter Gravissimas» («Ամէնէն Կարեւորը»)-ի առաջին էջը
Ըստ նոր տոմարի՝ Գրիգորեան օրացոյցի տարուայ առաջին օրը նոյնպէս կը համարուէր Յունուար 1-ը (Ներկայիս Երկիր մոլորակի երկիրներու մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Հայաստանը այս օրը կը տօնէ Նոր տարին կամ Ամանորը): Որոշ երկիրներ Ամանորը կը տօնեն ըստ Լուսնային օրացոյցի: Չնայած որ Գրիգորիս ԺԳ. պապի (1572-1585) կարգադրութեամբ նաեւ հայերէնի թարգմանուած էր Գրիգորեան տոմարը, սակայն մենք՝ հայերս, հայոց ժամանակի հաշուարկը շարունակած ենք կատարել աւանդական շարժական տոմարով: Նոյնիսկ ԺԸ. դարուն Սիմէոն Ա. Երեւանցի (1710 – 1780, Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ 1763 թուականի Ապրիլ 20-էն) կաթողիկոսի կատարած տոմարագիտական բարեփոխումները չեն կրցած կասեցնել մեր աւանդական շարժական տոմարի օգտագործումը եւ ան յարատեւած է մինչեւ 20-րդ դար: Ի վերջոյ, 1920 թուականին Հայաստանը պաշտօնապէս ընդունած է Գրիգորեան տոմարը, իսկ Հայ եկեղեցին՝ 1923 թուականին:
Հայոց հնագոյն տոմարի սկզբնաւորման եւ կատարուած փոփոխութեանց մասին շատ կցկտուր տեղեկութիւններ ունինք: Ըստ հայ յայտնի բնագէտ-ճարտարագէտ Պարիս Հերունիի (1933-2008) ենթադրութեան՝ հայոց հնագոյն օրացոյցը (արեգակնային օրացոյցը) հաստատուած է Ք.Ա. 23-րդ հազարամեակի վերջին՝ Վահագն աստուծոյ ծնունդով, մօտաւորապէս Ք.Ա. 22946 թուականի Արեգ 1-ին (այժմու՝ Մարտ 21-ին). հետեւեալ հաշուարկով՝ 2492 (Հայկ նահապետի յաղթանակի թուականն է բռնակալ Բէլի դէմ) + 14 հայկական շրջան, այսինքն՝ 2492 + 14 x 1461 = 22946 տարի: Ուրեմն, մեր նախնիք՝ արորդիք, շատ վաղ անցեալին ամէնէն աւանդական Նոր տարին՝ Ամանորը տօնած են Մարտ 21-ին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Այդ տօնը նաեւ կը կոչուէր Ծաղկըմուտ՝ վկայակոչելով գարնան գալուստը:
Պարիս Հերունիի Գիտցող–ստուերաչափը՝ արեգակնային ժամացոյցն ու տոմարը
Վահագնի Արձանը (1968), քանդակագործ՝ Կառլէն Նուրիջանեան
Ուստի հայատառ ձեռագիր մատեաններուն մէջ պահպանուած նիւթերուն համաձայն՝ hայոց տոմարի սկիզբը սերտօրէն կապուած էր Հայկ Նահապետի՝ Բէլի դէմ տարած յաղթանակին, որ, ըստ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի (1820 – 1901) ուսումնասիրութեանց տուեալներուն, տեղի ունեցած է Ք.Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11-ին, որ կը համարուի Հայոց Բուն Թուականը: Հայոց հին տոմարի՝ Նաւասարդ ամսուն առաջին օրը (անշարժ տոմարով կը համապատասխանէ Օգոստոս 11-ին, այսինքն՝ Հայկի յաղթանակի պահը: Հայոց հին տոմարի ամիսներն են՝ Նաւասարդ, Հոռի, Սահմի, Տրէ, Քաղոց, Արաց, Մեհեկան, Արեգ, Ահեկան, Մարերի, Մարգաց, Հրոտից եւ Աւելեաց) մեր նախնիք Ամանորի տօնահանդէսները կը տօնէին երկրի բոլոր դասակարգերու ներկայացուցիչներու բազմամարդ «համաշխարհական» մասնակցութեամբ եւ հայոց աստուածներու հովանաւորութեամբ (հին հայոց պատկերացմամբ՝ հայոց աստուածները Նաւասարդեան տօնախմբութեանց օրերուն Եփրատ եւ Արածանի գետերուն մէջ լոգանք առնելէ ետք, կը բարձրանային ձիւնածածկ լեռանց կատարները եւ կը հովանաւորէին տօնահանդէսները)՝ զոհաբերումներու, փոխադարձ նուիրատուութիւններու, խրախճանքներու, երաժշտութեանց, երգերու, պարերու, թատերախաղերու, ռազմախաղերու, մրցոյթներու, որսորդական զուարճանքներու, գուշակութիւններու … ուղեկցութեամբ եւ ի յիշատակ Արամազդ եւ Անահիտ աստուածներուն, զորս շատ պատկերաւոր ձեւով յաւերժացուած է Գողթան երգիչներու կողմէ՝ Արտաշէս արքայի սոյն բաղձանքով.
Ո՜ տայր ինձ զծուխ ծխանի
Եւ զաոաւօտն Նաւասարդի,
Զվազելն եղանց եւ զվազելն եղջերուաց.
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք,
Որպէս օրէնն է թագաւորաց:
Իսկ միջնադարու աստուածաբան, մեկնիչ, մատենագիր, մանկավարժ, պատմագիր եւ տոմարագէտ Վանական վարդապետ (1181 – 1251) Նաւասարդեան տօներու մասին գրած է հետեւեալը. «Փող հարէք ի գլուխս ամսու, յաւուր Նաւասարդի տարեկանաց մերոց» ։ Սակայն մեր օրերուն Ամանորեայ բազում սեպհական սովորոյթներ այլեւայլ պատճառներով մոռացութեան մատնուած են եւ փոխառուած են համաշխարհային ու օտար ծիսակարգերով, ինչպէս բազում սովորոյթներ…:
Այսպիսով՝ Վիշապաքաղ Վահագնի քաջակորով ոգիով եւ Հայկեան ազատաբաղձ նետի սլացքով կու գամ շնորհաւորելու Ձեր Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը՝ մաղթելով վերադարձ դէպի հայրենիք՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: