Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

«Զարթօնք»ի Նախատօնական Հաւաք (լուսանկարներ)

«Զարթօնք»եան Հանդիպումներ 

Տօնական օրերու նախօրէին «Զարթօնք» գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ նախատօնական հաւաքի մը կոչը ուղղելու իր գրչակից խմբագիրներուն, հրապարակագիրներուն, գրողներուն եւ լրագրողներուն ընկերային եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ միասին քննարկելու անցնող տարին, վերարժեւորելու «Զարթօնք»ի անցնող տարուայ իրագործումները ու ծրագրելու անոր յառաջիկայ տարին, եւ իրար փոխանցելու  բարեմաղթութիւնները գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթներով։

 

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնի մէջ Շաբաթ 22 Դեկտեմբերին: Հաւաքը առիթ մըն էր նաեւ ներկաներուն եւ իրենց միջոցաւ հանրութեան ներկայացնելու «Զարթօնք»ի նոր լոյս տեսած Նոր Տարուայ բացառիկ թիւը:

«Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, որուն ընթացքին անի միջի այլոց  նաեւ ծանօթացուց տպարանէն նոր հասած ամանորեայ բացառիկը, ներկաներէն շատեր իրենց ազնիւ գնահատականներով եւ տեղին առաջարկութիւններով հանդէս եկան: Հաճելի զուգադիպութեամբ մը, ներկաներուն մէջ կը գտնուէր Լոս Անճելըսի պաշտօնակից՝ «Նոր Օր»ի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեանը, որ նոյն օրը Պէյրութ հասած էր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները տակաւին երկար քննարկեցին ու խօսեցան իրենց սիրելի թերթին մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին