«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա կոչ ուղղեց նախագահ Միշէլ Աունին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին՝ բեկումնային յառաջընթաց արձանագրելու նոր կառավարութեան կազմաւորման մէջ եւ վերջինիս մասին հրամանագիր մը ստորագրելու եւ զայն ուղարկելու խորհրդարան՝ ի հեճուկս անլոյծ խնդիրներու:
Շաբաթ երեկոյեան Մաարապի մէջ ընթրիքի ժամանակ Ժաաժաա ըսաւ, որ նախագահ Միշէլ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի պէտք է վերջ տան կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիին եւ ստորագրեն նախարարաց խորհուրդի նոր պաշտօնէութեան մասին հրամանագիր մը, որ իրենք անձնապէս յարմար կը նկատեն՝ հակառակ կուսակցութիւններու հակասական պահանջներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը: