Կեանքը Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ
2018 տարին ալ անցնելու վրայ է: Ալեհեր անցնող տարին սահնակով պիտի սուրայ պատմութեան բաւիղներուն մէջ եւ մանուկ Նոր տարին զուարթ ճախրանքով պիտի գայ երկիր՝ իրեն հետ բերելով խինդ եւ խաղաղութիւն: Ու հիմա մենք զմեզ հարց տանք, թէ արդեօ՞ք քաջութիւնը ունինք վերարժեւորելու զայն եւ անոր հետ նաեւ մեր անձը… մեր ինքնութիւնը:
Կը փորձենք վերանայիլ կատարած մեր լաւ կամ գէշ արարքները, անցնող երեք հարիւր յիսունէ աւելի ապրուած օրերու մէջ տեղ գտած երեւոյթներէն ծնունդ առած խոցելի եւ գնահատելի կէտերը:
Հաւատա՞լ, թէ՞ չհաւատալ Նոր տարուան բերելիք ու տանելիք բարիքներուն կամ չարիքներուն, չեմ գիտեր. այդ մէկը ուրիշ հանելուկ մըն է: Դարերու աւանդութիւններէն մնացած, եկած ու մարդկութեան մէջ թափանցած մտայնութիւն մըն է Նոր տարիին բերած ու տակաւին բերելիքներուն առեղծուածը:
Համայն մարդկութիւնը, ընդհանուր առմամբ, ներառեալ` մենք միամտաբար սպասումներ ունինք Նոր տարիէն, մեր ակնկալութիւնները ըլլան չար կամ բարի, լաւ կամ գէշ: Բայց միեւնոյն ատեն կը տեսնենք, թէ հին տարիէն Նոր տարին` օրերը թաւալգլոր կը սահին ու կ’երթան` իրենց հետ բերելով թէ՛ բարիք, թէ չարիք` համայն մարդկութեան: Սպասենք միշտ բարիին՝ երբեք չընկրկելով ու չդադրելով երազելէ ու հրաշքներու հաւատալէ:
Այս տօնական մթնոլորտին մէջ Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 9ին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի կազմակերպած խրախճանքը Նոր տարուան եւ Ս. ծնունդի զոյգ տօներու առիթներով, վարժարանիս «Յակոբ Պարսամեան» շքեղ հանդիսասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանիս տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեանը, ուր բարի գալուստով ողջունեց ներկաները:
Տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ առաջին հերթին ամանորեայ իր բարեմաղթանքները յղեց, ապա ակնարկ մը նետեց կրթական այս օճախին անցնող 67 տարուան հարուստ պատմութեան վրայ՝ մատնանշելով այն տեսլականը, որ նորանոր վերելքի եւ յարատեւ բարգաւաճ ապագայի ձգտումներով պիտի շարունակէ իր հաստատուն երթը, դաստիարակելով նորանոր սերունդներ, որոնք պատիւ պիտի բերեն թէ իրենց ընտանիքներուն եւ թէ ազգին՝ չմոռնալով իրենց ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտնալով, որ հայութիւնն ու հայկականութիւնը միակ ամրոցներն են, ուր հայը կրնայ ամուր զգալ ու գոյատեւել: Ան նաեւ ողջունեց ներկաները՝ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինի ատենադպրուհի տիկ. Անի Լաչինեանը, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանային վարչութեան համաատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանն ու անդամները, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Յովիկ Վարդանեանն ու անդամները, վարժարանիս ծնողաց յանձնախումբի տիկինները, բարերարները, բարեկամները, ծնողները, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը, որոնց բոլորին զօրակցութեամբ է որ կը շարունակուի Վահան Թէքէեան վարժարանին հայակերտման նուիրական գործը:
Շնորհակալական ու երախտիքի խօսքեր ուղղուեցան նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պրն. Մարտիկ Պօղոսեանին եւ զանազան հաստատութիւններու տնօրէնութիւններուն, որոնք օժանդակեցին սոյն ձեռնարկին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարուան կազմակերպուած աւանդական ամանորեայ խրախճանքին հասոյթը եւս պիտի յատկացուի վարժարանիս ուսումնական ծրագիրի իրագործման եւ դպրոցի փառաւոր առաքելութեան յաջողութեան, որովհետեւ միայն ու միայն հայ դպրոցն է որ կը ջամբէ հայեցի կրթութիւն նոր սերունդին:
Երեկոն ճոխացուց հայկական, արաբական եւ միջազգային երգերով, լիբանանահայ գաղութի սիրուած երգիչ Մանուկ Մինասեան՝ ընկերակցութեամբ պրն. Սեդօ Պաղտասարեանի ու մասնակցութեամբ «Հայ շեփոր» նուագախումբին, որոնք ջանք ու եռանդ չխնայեցին մթնոլորտը աւելի ճոխ ու խանդավառ պահելու:
Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ բաշխուեցան բազմաթիւ վիճակահանութեան նուէրներ:
Եւ այսպէս, Նոր տարուան առթիւ մեր լաւագոյն մաղթանքները կ’ուղղենք մեր հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն եւ վերջապէս` ամբողջ աշխարհին ու մարդկութեան: Ըլլանք ապահով եւ մեր խիղճերը հանգիստ պահենք:
Հուսկ, կը մնայ բոլորին շնորհաւորել Նոր տարուան եւ Սրբ. ծնունդի բարեբաստիկ զոյգ տօներու առիթով, մաղթելով խաղաղութիւն ու բարիք ամբողջ աշխարհին` առանց մոռնալու անշուշտ մեր հայրենիքն ու համայն հայութիւնը:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ