Դեկտեմբեր ամիսը քրիստոնեայ աշխարհը կը պատրաստուի դիմաւորելու Սուրբ ծննդեան հրաշափառ խորհուրդը:
9 Դեկտեմբերը կաթողիկէ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ յիշատակութեամբ արձանագրուած է «ԱՆԱՐԱՏ ՅՂԱՑԵԱԼ ՄՕՐ ՏՈՒՆԸ»:
Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան տօնին առիթով վարժարանիս հոգաբարձու մարմինը նախաձեռնեց տօնախմբել եկեղեցւոյ ս. խորհուրդները, եւ այսպէս նախակրթարանի վեց դասարանները պատրաստուեցան լաւագոյն ձեւով արժեւորելու իրենց ծնողները:
Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին՝ երեկոյեան ժամը 6:00ին, վարժարանիս հանդիսասրահը ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ արտասովոր մթնոլորտ մը ստեղծուած էր. պաշտօնական հիւրերու շարքին էին գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, առաքինափայլ եւ առաքինազարդ քոյրեր, վարժարանիս տնօրէնութիւնը, տնօրէն խորհուրդի եւ ծնողաց վարչութեան անդամները:
Բեմահարթակի վարագոյրը գոց էր. գիտէինք, որ անոր ետին անակնկալ մը կը սպասէր մեզի. անհամբեր էինք…
Լիբանանի քայլերգի եւ Հայաստանի օրհներգի երգեցողութենէն ետք ծափողջոյններով բացուեցաւ բեմահարթակի վարագոյրը: Ան ոչ միայն բարեփոխուած էր, այլեւ իր գեղատեսիլ յարդարանքով եւ լոյսերու շողշողուն փայլքին ներքեւ ներկաները փոխադրեց եթերային աշխարհ:
Բեմահարթակի բարեփոխութիւնը կատարուած էր տնօրէն խորհուրդի եւ ծնողաց վարչութեան ջանքերով, եւ անոր կատարելագործումը վստահուած էր վարժարանիս ծնողներէն՝ արուեստագէտ պրն. Ռաֆֆի Ետալեանին, որ իր հսկողութեամբ կարճ ժամանակի մէջ անկարելին դարձուց կարելի:
Տօնահանդէսի յայտագիրին բացման խօսքով հանդէս եկան 9րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Լիւսի Եթերեանը, որ իր խօսքին մէջ պատմական ակնարկ մը կատարեց Անարատ հայ քոյրերու միաբանութեան ծնունդին: Անոնք աւելի քան 171 տարիներէ ի վեր իրենց առաքելութեամբ կը նուիրուին հայ սերունդներու դաստիարակութեան: Ան կարեւորեց նաեւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի 97 տարիներու ընթացքին հայ քոյրերու անբասիր հաւատքով ծառայութեան ոգին, ապա ներկաները հրաւիրեց Ս. ծննդեան կատարողութիւններով ուրախութեամբ պատրաստուելու եւ դիմաւորելու տօնական յառաջիկայ օրերը:
Մերթ ընդ մերթ կենդանի պատկերներու ներկայացումներով նախակրթարանի առաջինէն մինչեւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները բեմ բարձրացան իրենց տօնական զգեստներով եւ խմբային ու մենակատարութեան ճոխ երգացանկով: Անոնք երգեցին հինգ լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ իտալերէն, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառեց ներկաներուն:
Հակառակ անոր որ յայտագիրը հասած էր իր լրումին, սակայն հանդիսատեսները չէին ուզեր բաժնուիլ իրենց ապրած ու վայելած ուրախ վայրկեաններէն:
Օրուան հանդիսավայրը բեմ հրաւիրեց վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը յայտնէ ու բարեմաղթութիւնները յղէ:
Խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ.
«Սիրելի ներկաներ,
Այս գեղեցիկ երեկոն, մինչ մեզ բոլորս եթերային աշխարհ փոխադրեց, կը մտածեմ, որ նման ապրում մը միմիայն հայ քրիստոնեայ դպրոցը կրնայ տալ: Այո՛, քաջ համոզուինք, որ միայն հայ քրիստոնեայ դպրոցը կրնայ իրականացնել ասիկա:
Սիրելիներ, աւելի քան մէկ ժամուան հոգեկան ապրումը կը պարտինք վարժարանիս մեծ անձնակազմին, սկսեալ առաքինազարդ քոյրերէն, ուսուցիչներէն, պատասխանատուներէն, պատկան գործօն եւ գործակից մարմիններէն, որոնք ժրաջան աշխատեցան եւ ոչինչ խնայեցին լաւագոյնը տալու համար: Ձեր վարձքը կատար, սիրելինե՛ր, դո՛ւք հարազատ մշակներ մեր Հռիփսիմեանց վարժարանին:
Սիրելի՛ ծնողներ, դուք եւս, մանաւանդ մայրեր, մասնակից դարձաք՝ քաջալեր հանդիսանալով ձեր զաւակներուն: Իսկ դո՛ւք, մեր նախակրթարանի փոքրիկ երգիչներ, դերակատարներ, շնորհալի երաժիշտներ, սքանչելի էք: Ապրի՛ք: Այսպէս միշտ բարձր պահեցէ՛ք ձեր դպրոցին անունը:
Ջերմօրէն կը գնահատեմ ուսուցիչներուն երկարաշունչ համբերութիւնը, նուիրումը: Բոլորին սրտագին, ջերմ շնորհակալութիւններ:
Այսօր մենք կը գտնուինք բարեփոխուած բեմահարթակի վրայ՝ լուսագեղ, առինքնող, խօսուն, ճոխ:
Այս առիթով կ’ուզեմ յիշել մեր սիրելի արուեստագէտ, նախկին հռիփսիմեանցական, ներկայիս ծնողք պրն. Ռաֆֆի Ետալեանը, որ ոչինչ խնայեց, քիչ ժամանակի մէջ գիշեր-ցերեկ աշխատեցաւ այս բեմի կատարելագործման համար: Վարձքդ կատար, սիրելի՛ Ռաֆֆի, եւ սրտագին շնորհակալութիւն քեզի:
Այսօր Ս. եկեղեցւոյ հետ մենք՝ Անարատ յղութեան հայ քոյրերս, յատուկ կը նշենք Աստուածամօր անարատ յղութիւնը՝ միաբանութեան պաշտպան մեր տօնը: Մարիամ՝ առանձնաշնորհեալը կիներու մէջ, տուաւ մեզի նոյնինքն մարդացեալ Աստուածը՝ Յիսուսը: Մօտ օրերուն պիտի տօնենք Յիսուսի Սուրբ ծնունդը՝ տարուան ամենագեղեցիկ տօնը, մանուկներուն տօնը:
Ամբողջ աշխարհին համար թող օրհնեալ ըլլայ Քրիստոսի ծնունդը եւ պարգեւէ խաղաղութիւն, սէր, ուրախութիւն, բարգաւաճում մեզի, մեր մայր հայրենիքին, Լիբանանին, համայն մարդկութեան:
Այժմէն, սիրելինե՛ր,
Բոլորիդ կը մաղթեմ շնորհաբեր Սուրբ ծնունդ եւ Նոր տարի»:
Տօնահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր ծնողները առիթը ունեցան մտերմիկ զրոյցներով ջերմացնելու հռիփսիմեանցի ընտանեկան մթնոլորտը եւ լաւագոյն մաղթանքներով հրաժեշտ տուին իրար:
Կ. Գ.