Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Զահլէի Մէջ Վերսկսաւ Գործել Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը վերջին շաբաթներուն յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է հեռակայ շրջանները՝ հետեւողական կապեր հաստատելով ծուխերուն հետ եւ սերտելով աշխատանքային նոր կարելիութիւնները։

            Այս ճիգը կը միտի երիտասարդ ուժերու ներգրաւման, աշխատանքային նոր ոլորտներու ստեղծման, հեռաւոր շրջաններու ծխայիններու համախմբման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, ազգային եւ դաստիարակչական ծրագիրներու իրականացման։

            Նշեալ շրջագիծին մէջ, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ 2 Նոյեմբեր 2018էն սկսեալ, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը, որուն աշակերտներուն ընդհանուր թիւն է 22։ Անդամները շաբաթական դրութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական ծրագիրի՝ ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու ընդմէջէն ծանօթանալով հոգեւոր-քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներուն եւ աւանդոյթներուն։ 

            Յառաջիկայ տարուան սկզբնաւորութեան կը ծրագրուի Զահլէի մէջ հաստատել շաբաթօրեայ դպրոց՝ բնորոշ կրթական ծրագիրով բարելաւելու շրջանի պատանիներու հայոց լեզուի իմացութիւնը։

Լիայոյս ենք, որ Զահլէի մէջ սկսած այս դրական տեղաշարժի նախաքայլերը յաւելեալ ճիգով կը շարունակուին, ինչպէս նաեւ կը տարածուին այլ շրջաններու մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին