Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

«Գործով Առկայ Որոշ Նիւթեր ու Տեսագրութիւններէն Մաս Մը Անհետացած են». Տինքի Գործով Վկայ

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը կայացած է Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանին մէջ։ Կալանքի տակ գտնուող 5 մեղադրեալ դատական նիստին մասնակցած է ուղիղ կապի միջոցով։ Ներկայ եղած են նաեւ 12 վկայ ու կողմերու փաստաբանները։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով ilerihaber.org-ը։

Նիստին, իբրեւ վկայ, հարցաքննուած են յանցանքի պահուն Ռիզէի նահանգային անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար, 2003-2006թթ․ Պոլսոյ նահանգային անվտանգութեան վարչութեան հետախուզական բաժինի պետի տեղակալ Շահմազ Տէմիրթաշը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինի նախկին պետ Սէլիմ Քութքանը։

Քութքանի խօսքով՝ Տինքի դէմ յարձակման տեսագրութեան տարածումէն ժամեր անց, իրենք, Տրապիզոնէն ստացուած տեղեկատւութեան հիման վրայ, սկսած են փնտռել Օկիւն Սամասթը։ Երեկոյեան, վերջինս յայտնաբերած են Սամսունի կայարանին մէջ։

«Մենք անմիջապէս հաւաքեցինք տարածքին վրայ առկայ անվտանգութեան տեսախցիկներուն տեսագրութիւնները։ «Akbank»-ի տեսագրութիւնները յաջորդ օրը եղան։ Ընտանիքին եւ փաստաբաններուն ալ ցոյց տուինք զանոնք։ Այնտեղ որեւէ պակաս մաս չկար։ Սակայն, դէպքին նախորդող ժամանակահատուածին վերաբերեալ «Akbank»-ի տեսագրութիւնները անծանօթ մարդիկ արդէն վերցուցած էին։ Անոնք մեր մարդիկ չէին։ Աւելի ուշ դատախազէն տեղեկացայ, որ հետաքննութեան գործին մէջ առկայ որոշ նիւթեր անհետացած են։ Ատիկա բնական չէր։ Հետախուզութեան բաժինի աշխատակիցները նման բան չէին կրնար ընել»,- պատմած է վկան։

Քութքանը աւելցուցած է, որ գործէն անհետացած նիւթերն ու տեսագրութիւնները վերցուցած անձերուն ինքնութիւնը այդպէս ալ չէ պարզուած, թէեւ ատիկա պէտք է բացայայտուէր։

Իսկ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հասարակական անվտանգութեան բաժանմունքի ղեկավար, գնդապետ Ալի Օղուզ Չաղլարը կրկնած է նախապէս իր տուած ցուցմունքը։ Ան նշած է, որ Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժանմունքի պետ Մեթին Եըլմազը ամենօրեայ ճեպազրոյցներէն մէկուն ժամանակ զեկուցած էր ոստիկանութեան հրամանատար, գնդապետ Ալի Օզին, որ Տինքի դէմ մահափորձ կը ծրագրուի։ Վերջինս հարցուցած է․ «Որեւէ այլ զեկուցելու թեմա կա՞յ»։ Եւ այլեւս չէ անդրադարձած Տինքի թեմային։

Աւելի ուշ՝ 2013-ին, Ալի Օղուզ Չաղլարը դատախազութեան մօտ ցուցմունք տուած է իրեն յայտնի այս փաստերուն մասին։ Ալի Օզը յայտարարած է, որ այդ մասին աւելի ուշ պիտի խօսին։ Իսկ երբ Չաղլարը նշած է, որ հետաքննութիւն յարուցուելու պարագային ինքը համապատասխան ցուցմունք պիտի տայ, ոստիկանութեան հրամանատարը այլեւս յաջորդ ճեպազրոյցներուն զինք չէ ընդգրկած։

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 2007 Յունուար 19-ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցով: Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կ՝երկարի արդէն աւելի քան 11 տարի եւ դեռ չէ գտած իր հանգուցալուծումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին