«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 18 –
Զրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու բազմաթիւ աշխատակիցներ Դեկտեմբեր 21էն գործադուլ յայտարարած են եւ կը բողոքեն նախարարութիւններու այն ծրագիրին դէմ, որուն համաձայն՝ մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է միանայ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, իսկ սփիւռքի նախարարութիւնը դառնայ վարչութիւն արտաքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ: Առաւօտ կանուխէն անոնք նախարարութիւններու շէնքին, ապա կառավարութեան դիմաց լարուած ու վրդովուած կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում ունենալ։
Մշակոյթի ու Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները որոշում կայացուցած են մինչեւ Երկուշաբթի ժամանակ տալ կառավարութեան՝ վերանայելու որոշումը։ Իրենց խօսքով՝ պատրաստ են ծայրայեղ քայլերու դիմելու, ընդհուպ մինչեւ նստացոյց յայտարարելու։
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները անակնկալի եկած են՝ իմանալով, որ իրենց նախարարութիւնը պիտի լուծարուի։ Նշենք, որ եթէ վերջինս իրականանայ, 80էն 90 աշխատակից կը կորսնցնէ իր աշխատանքը։ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու հետ կապերու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանը «Զարթօնք»ի հետ զրոյցի ժամանակ նորէն փաստեց այն ինչ այսօր ըսած են կառավարութեան շէնքին դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի ժամանակ։ Իր խօսքով՝ դեռ կը շարունակեն քաղաքակիրթ բողոքի ցոյցը, սակայն ոչինչ կը բացառեն։
«Հակառակ անոր որ անցեալին նման խօսակցութիւններ կային կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններուն վերաբերեալ, բայց մի քանի օր առաջ Սփիւռքի նախարարութեան «Ներուժ» ծրագիրի ներկայացման ընթացքին վարչապետի հետ ճեպազրոյցի ժամանակ պարզ դարձաւ, որ որոշում կայացուած է նախարարութիւնը տանիլ լուծարման ճամբով։ Աւելի շատ կը խօսուէր ոչ թէ զայն ուրիշ կառոյցի մը մաս դարձնելու, այլ գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին։ Մենք տեղեակ չենք եղած, որ կարելի է առհասարակ մարդիկ մնան առանց աշխատանքի»,- նշեց Անտոնեանը, ապա յաւելեց՝ որեւէ այլընտրանքային տարբերակ այս պահուն չկայ։
Վարչութեան պետի խօսքով՝ իրենք առիթ ունեցած են խօսելու նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ, որ յայտնած է, թէ այս թեմայով զրոյց ունեցած է վարչապետի հետ։ «Մեր նախարարի դիրքորոշումը այս պահուն նախարարութիւնը պահելու կողմն է։ Ինքը այդ առումով կը փորձէ որեւէ բան ընել՝ որպէս քաղաքական խումբի անդամ։ Սփիւռքի հետ բաւական լուրջ ախատանքներ կան տարուելու։ Մենք փաստացի ունինք 10 վարչութիւն, բաժիններ, մարդիկ, աշխատակիցներ, որոնք տարիներ շարունակ աշխատած են տարբեր ուղղութիւններով, տարբեր տարածաշրջաններու հետ, սփիւռքահայերու հետ։ Մենք ունինք մեծ Սփիւռք՝ 7-10 մլն, որուն հետ ամէնօրեայ աշխատանքը ռազմավարական նշանակութիւն ունի»,- իր խօսքին մէջ նշեց նախարարութեան աշխատակիցը։
Իրենց հետագայ քայլերուն վերաբերեալ Լեւոն Անտոնեանը շեշտեց, որ պիտի փորձեն պայքարը դեռ այս կերպ՝ քաղաքավարի շարունակել, անոր հետ մէկտեղ «Դէմ եմ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման» կարգախօսը տարածել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ․ «Պէտք է նշեմ, որ արդէն իսկ արձագանգներ կան»: Սփիւռքի ու արտաքին գործոց նախարարութեան գործառոյթներու նմանութեան կապակցութեամբ Անտոնեան ըսաւ, որ գործառոյթի կրկնութիւն չկայ, քանի որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի շատ կը պահէ միջպետական յարաբերութիւններու ձեւաչափը եւ համայնքներու հետ աշխատանքը շատ բազմաշերտ է, ու միայն արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան աշխատակիցները չեն կրնար իրականացնել ատիկա։
Յիշեցնենք, որ կառավարութեան կառուցուածքի վերաձեւաւորմամբ ՀՀ նախարարութիւններու թիւը 17էն կը հասնի 12ի։