Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի Հիմնադիր Եւ Նախագահ Մայ Էլ Խալիլ Այցելեց ՀԲԸՄի Տեմիրճեան Կեդրոն

Երկուշաբթի,  11  Դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան, Պէյրութի  Միջազգային  Մարաթոնի   հիմնադիր  եւ  նախագահ    Մայ  էլ  Խալիլ  պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ  ՀԲԸՄի Տեմիրճեան  կեդրոն:

 Հիւրը  դիմաւորեցին  ՀԲԸՄի  Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ  Ժերար   Թիւֆենքճեանը եւ անդամներ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը  եւ անդամներ,  ՀԵԸի սկաուտական,  երիտասարդական, մարզական  միաւորներու ներկայացուցիչներ:

ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանի   ծրագիրները  համակարգող Արին  Ղազարեան  փոխանցեց   ՀԲԸՄի  Լիբանանի   շրջանակային   յանձնաժողովին  խօսքը: Ան  բարի գալուստ մաղթեց ազնուափայլ  հիւրին  եւ ներկաներուն՝ արժեւորելով  մարմնամարզութեան,  ֆիզիքական դաստիարակութեան եւ հաւաքական աշխատանքի սկզբունքներուն  ջերմ  հաւատացող,    Մայ էլ Խալիլի  անձնաւորութիւնը:

Արին Ղազարեան  նշեց, թէ   ՀԲԸՄ Անդրանիկի մեծ  ընտանիքը՝ իբրեւ  գործընկեր, իւրաքանչիւր տարի հարիւրէ աւելի  սկաուտական  շարժումի  անդամ-անդամուհիներով հպարտօրէն եւ աներկիւղ կը մասնակցի  Մարաթոնի  կազմակերպչական աշխատանքներուն,  ոչ միայն   իրագործելով որդեգրած   «Ուսում՝ բոլորին»  նպատակը,  այլեւ սկաուտական շարժումովը   գործնապէս կը սատարէ  Մարաթոնին յաջողութեան,  ուր տղաքը,  բացի  Նահատակաց հրապարակի  կարգապահութեան հսկողութենէն, ստանձնած են   Մարաթոնին   21 եւ 42  քլմ.  տարածութիւններուն անվտանգութեան  հսկողութիւնը,  իսկ  աղջիկները   մասնակիցներուն կը հայթայթեն առաջնային  օգնութիւն, սննդեղէն,  խնամք՝  մրցավազքը աւարտող մարզիկներուն  եւ մետալներու բաշխում՝  մրցանակակիրներուն:

 ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեանի խօսքը  փոխանցեց  Արազ Չերչեան-Ալոզեան՝  շեշտելով միութենականներուն  մէջ արմատացած   «Միութիւնը զօրութիւն  է»  ՀԲԸՄի  կարգախօսը,  որուն  հետեւելով  հաւաքական կեանքի եւ  հասարակութեան մէջ անոնք կը դրսեւորեն  իրենց  լաւագոյնը կատարելու  նախանձախնդրութիւն:

 Օրուան  հիւր  Մայ էլ Խալիլ  շնորհակալութիւն յայտնեց   ՀԲԸՄ- ՀԵԸի  ղեկավարութեան եւ   ՀԵԸի սկաուտական  շարժումին, Պէյրութի  Միջազգային  Մարաթոնի   կազմակերպչական աշխատանքներուն կամաւոր եւ անսակարկ աշխատանքին համար: Ան յատկապէս  դրուատեց  նուիրումով եւ  վեհանձնօրէն   ծառայելու,  նախաձեռնելու այն  ոգին, որ դարձած է  ՀԲԸՄ- ՀԵԸի մեծ ընտանիքին հարազատ խորհրդանիշը: Ան  մաղթեց, որ մարդիկ  ընկերային եւ ազգային  քաղաքական գետնի վրայ  դասեր  քաղեն   ՀԲԸՄ- ՀԵԸի  մարդասիրական  չափանիշներէն:

Այս  ուրախ առիթով  Մայ էլ  Խալիլ  շնորհակալական   վկայականներ  բաժնեց  Պէյրութի Միջազգային  Մարաթոնին մասնակցութիւն բերող  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ  Անդրանիկ  Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներու անդամ-անդամուհիներուն, ապա ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ սկաուտական շարժումին յանձնեց «Երկարաժամկէտ կամաւոր գործընկերութեան» ( Long Term Volunteering Partnership ) մրցանակը, զոր ՀԲԸՄի  Լիբանանի  շրջանակային յանձնաժողովի  ատենապետ  Ժերար Թիւֆենքճեան  ստանալէ  ետք,  յայտարարեց, թէ մրցանակը կը պատկանէր անցնող հինգ տարիներուն Պէյրութի  Միջազգային Մարաթոնին յաջողութեան  սատարող եւ  մասնակցող բոլոր  միաւորներուն եւ  անհատներուն:

Հպարտառիթ այս  մթնոլորտին մէջ  ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումներուն խմբապետները ՀԵԸի սկաուտական  «Ֆուլար»ը  նուիրեցին  Մայ էլ Խալիլին՝ առ ի երախտագիտութիւն անոր  շնորհակալ աշխատանքին եւ այցելութեան:

ՀԵԸի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին