Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Առիթով Կ’այցելէ Ազունիէի Ազգային Բուժարան

Նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան զոյգ տօներու այցելութեանց ծիրին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018ին այցելեց Ազունիէի ազգային բուժարան, ուր տնօրէնութեան, խնամակալութեան, բժշկական կազմին ու պաշտօնէութեան կողմէ սիրալիր ընդունելութենէն ետք, ականջալուր դարձաւ մամիկներուն ու պապիկներուն պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրին։

Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ այս բուժարանը սովորական բուժարան չէ, այլ ազգայի՛ն է ու կը պատկանի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, իսկ հոն ցուցաբերուած խնամքն ու սէրը այլ բուժարաններու մէջ գտնել կարելի չէ։ Խօսելէ ետք ընտանեկան սրբութեան ու հայկական դիմագիծին պահպանման մասին, հայրապետը գնահատեց հաստատութեան ցուցաբերած բծախնդիր հոգատարութիւնը մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ։

Աւարտին, ան իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոնց պարգեւէ առողջութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը օրհնեց բնակարանն ու անոր բնակիչները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին