Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Ընկ. Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան Կ’ապրի Մեր Սրտերուն Մէջ

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ

«Ա­ւե­լի եր­ջան­կու­թիւն է տա­լը, քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)

Մարդ, որ գործեց մարդկութեամբ, խղճով ու հաւատքով. տուաւ աւելին, քան ստացաւ: Փրոֆ. ընկ. Հրայր Հովիւեան եզակի այն դասախօսներէն էր, որ երբեք չզլացաւ փոխանցելու գիտութիւն ու կրթութիւն իր աշակերտներուն: Ըլլալով կրթական մշակ, ազգային գործիչ՝ յաճախ ան իր նպաստը բերաւ ոչ միայն ներլիբանանեան, այլեւ ներհայկական ազգային հասարակական կեանքին մէջ:

Տարիներ շարունակ ընկ. Հրայր եղած էր իրեն  հարազատ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջն. վարժարանին հոգաբաձութեան ատենապետ: Անձնուիրաբար ու հոգատարութեամբ փայփայած էր վարժարանին բոլոր պէտքերն ու լուծած անոր անհամար խնդիրները:

Երկար տարիներ ընկ. Հրայր դասախօս էր NDU համալսարանէն ներս: Ան ընկերասիրութեան եւ ուսուցչութեան բարձր ոգիով գիտութիւն սերմանած է իր աշակերտներուն մէջ, որոնք հպարտօրէն այսօր կը յիշեն իրենց ուսուցիչն ու դասախօսը:

Անողոք հիւանդութիւնը մեզմէ կանուխ հեռացուց մեր բոլորին շատ սիրելի փրոֆ. ընկ. Հրայր Հովիւեանը: Ան տակաւին շատ տալիք ունէր մարդկութեան, գիտութեան եւ կրթութեան:

«Գործն է անմահ լաւ իմացէք, որ խօսւում է դարէ-դար»: (Յովհաննէս Թումանեան)

Ընկ. Հրայրին յիշատակը վառ պահելու համար Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018ի կէսօրին NDU համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ՝ ներկայութեամբ անոր կողակիցին՝ տիկ. Մարալին, դուստրերուն եւ հարազատներուն: Նոյն օրը NDU համալսարանի Debate clubի նախագահ օրդ. Նաթալի Սապեքը եւ անդամները կազմակերպեցին «Սրբ. Ծննդեան տօնավաճառ», որմէ գոյացած հասոյթով գնեցին ուտեստեղէն եւ զանոնք տրամադրեցին Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնութեան, որ առ այդ յանձնէ 7 կարիքաւոր ընտանիքներու:

Նման նախաձեռնութիւն կ’ապացուցէ, որ ընկ. Հրայրին ոգին ու շունչը տակաւին կ’ապրի ու պիտի շարունակէ ապրիլ իր աշակերտներուն հոգւոյն մէջ:

Յիշատակն արդարոյ օրհնեալ եղիցի: 

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի

                                                                   Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին