spot_img

Միջազգային Դիտորդական Առաքելութիւնները Ընտրութիւններուն Դրական Գնահատական Տուին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն գործընթացը տեղի ունեցաւ ազատ պայմաններու տակ եւ արժանացաւ ժողովրդի լայն վստահութեան: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) կարճաժամկէտ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող եւ առաջնորդ Փեթըր Օսուսքի, Երկուշաբթի,  Դեկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած միջազգային դիտորդական առաքելութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Օսուսքի նշեց, որ մտահոգութիւններ պատճառած են ընտրութիւններու ֆինանսաւորման կարգը, որ, ըստ իրեն, ստեղծած է որոշ անհաւասար պայմաններ: Օսուսք ըսաւ, որ խախտումներ, ճնշումներ կամ ընտրակաշառքի դէպքեր իրենց դիտորդական առաքելութիւնը չէ արձանագրած:

Եւրոպական Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանդր Փաչիէր, խօսելով «Իմ Քայլը» դաշինքի հաւաքած բարձր տոկոսներուն մասին՝ ըսաւ, որ իրենք չեն կրնար դատել քաղաքացիներու ընտրութիւնը, սակայն այսպիսի առաւելութեամբ յաղթած քաղաքական ուժին վրայ պիտի դրուի ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԱՀԿ ԽՎ) պատուիրակութեան ղեկավար Նահիմա Լանժրի, իր կարգին ընդգծեց, որ կանանց ներկայացուածութիւնը կուսակցութիւններու ցանկերուն վրայ պահպանուած է՝ ըստ Ընտրական օրէնսգրքի եւ նոյնիսկ գերազանցած է պարտադիր անհրաժեշտ չափը՝ կազմելով 32 տոկոս, սակայն ան փափաքեցաւ տեսնել այնպիսի բարեփոխումներ, որոնք առաւել մեծ չափով կը խրախուսեն կանանց ներգրաւումը քաղաքականութեան՝ յատկապէս խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ:

Իսկ Եւրոպական Խորհրդարանի դիտորդական պատուիրակութեան ղեկավար Հէյտի Հաութալան ընդգծեց, որ կուսակցութիւնները եւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) քիչ ժամանակ ունեցան պատրաստուելու ընտրութիւններուն, եւ այս պայմաններուն տակ, ըստ Հաութալայի, ԿԸՅն շատ բարձր մակարդակով կազմակերպեց ընտրութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին