«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ յայտարարուած տնտեսական միջոցառումները կը պահանջեն 8-10 միլիառ եուրօ գումարի ծախսեր: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է պետական քարտուղար Օլիվիէ Տիւսօն, որ պատասխանատու է երկրի պիւտճէական քաղաքականութեան համար:
«Կը պահանջուի 8էն մինչեւ 10 միլիառ եուրօ»,- ըսած է Տիւսօն՝ լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով միջոցառումներու այն փաթեթը, որ Դեկտեմբեր 10ին ֆրանսացիներուն ներկայացուած է նախագահին կողմէ: «Մենք կը գտնուինք տնտեսական համակարգերը կարգաբերելու գործընթացին մէջ եւ կը մտածենք, թէ ի՞նչ կերպ կարելի է զանոնք ֆինանսաւորել»,- նշած է ան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան ուղերձ յղած է ազգին՝ յայտարարելով այն որոշումներուն մասին, զորս ինքը ընդունած է «դեղին բաճկոններու» ելոյթներուն հետ կապուած ճգնաժամի կիզակէտին: Մաքրոնը մասնաւորապէս խոստացած է 2019 թուականէն ամսական նուազագոյն աշխատավարձի 100 եուրոյով բարձրացում, այս տարուան վերջաւորութեան լրացուցիչ չհարկուող պարգեւավճար աշխատող ֆրանսացիներուն, հարկերու վերացում այն թոշակառուներուն համար, որոնց թոշակը ցած է 2 հազար եուրոյէն: Նաեւ Ֆրանսայի ղեկավարը դատապարտած է ոստիկաններուն դէմ կիրարկուած բռնութիւնը բողոքի ցոյցերուն ընթացքին:
Մաքրոնի կողմէ յայտարարուած միջոցառումները դարձած են «դեղին բաճկոններու» շարժումի պահանջներու պատասխանը, որոնք բողոքի ցոյցեր կ’իրականացնեն Նոյեմբերի կէսերէն: Ցոյցերը յաճախ կ’ուղեկցուին ոստիկանութեան հետ ընդհարումներով եւ անկարգութիւններով: Չնայած հարկերու եւ աշխատավարձներու նուազագոյն մակարդակի աճի առումով վերջին ժամանակներս կատարուած զիջումներուն, «դեղին բաճկոնները» մտադիր են շարունակել իրենց ցոյցերը: Իրաւապահ մարմիններու վերջին տուեալներուն համաձայն՝ «դեղին բաճկոններու» շարժումի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին բերման ենթարկուածներու ընդհանուր թիւը Նոյեմբերի կէսերէն ի վեր անցած է 4.5 հազարը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






