spot_img

Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Պատգամաւորներուն Միջեւ Վիճաբանութիւն Տեղի Ունեցած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) եւ ընդդիմադիր «Լաւ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Վիճաբանութեան մասնակցած են նաեւ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւններու մի քանի ներկայացուցիչները:

Վիճաբանութեան պատճառը եղած է ԱԶԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մեհմեդ Մուշի ընդդիմութեան ուղղուած մեղադրանքը: Մուշը ընդդիմադիրները մեղադրած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական հռչակուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) oժանդակելու մէջ:

Մուշը մեղադրանքները, մասնաւորապէս, ուղղած է «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներին եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին:

Վիճաբանութեան ժամանակ կողմերը քաշքշած են իրար, եւ խորհրդարանի նախագահը ստիպուած եղած է դադրեցնելու նիստը:

Վիճաբանութիւնը շարունակուած է նաեւ ժամեր անց վերսկսած նիստի ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին