spot_img

Թուրքիան Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Օրերուն Սուրիոյ Մէջ Նոր Ռազմական Գործողութիւններ Իրականացնել

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ երկրի զինուած ուժերը կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն նոր ռազմական գործողութիւններ իրականացնել Սուրիոյ տարածքին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «NTV» հեռուստաալիքը:

Ռազմական գործողութիւնները կը ծրագրուի իրականացնել Եփրատ գետի Արեւելեան ափին տեղակայուած քրտական ուժերուն դէմ:

«Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական խմբաւորումներէ մաքրելու ուղղուած ռազմական գործողութիւններ պիտի իրականացնենքՉնայած այն հանգամանքին, որ ԱՄՆը խոստացած էր Թուրքիոյ, որ պիտի չօժանդակէ Սուրիոյ քրտերուն (PYD/YPG), չէ կատարած իր խոստումը: Պարզ է, որ ԱՄՆը դիտակէտեր հիմնած է ոչ թէ Թուրքիոյ ահաբեկիչներէն պաշտպանելու համար, այլ հակառակը»,- նախագահական պալատին մէջ ելոյթի ժամանակ ըսած է Էրտողան:

Էրտողան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ թրքական ԶՈՒի թիրախը պիտի ըլլան ոչ թէ ամերիկացի զինուորները, այլ քիւրտերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին