«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սթրասպուրկի քաղաքագլուխ Ռոլան Ռիսը սգոյ օր յայտարարած է քաղաքին մէջ, երբ 29ամեայ տղամարդը հրաձգութիւն սարքած է քաղաքի կեդրոնի Սուրբծննդեան տօնավաճառին: Դեկտեմբեր 12ին այս մասին յայտնած է «DNA» լրատուական գործակալութիւնը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: Գործակալութեան տուեալներով՝ Սուրբծննդեան տօնավաճառը Դեկտեմբեր 12ին տեղի չունեցաւ: Նաեւ քաղաքապետարանի որոշմամբ՝ չեղեալ յայտարարուած են թատրոններու բոլոր ներկայացումները: Հրազէնով զինուած տղամարդը Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան հրաձգութիւն սարքած է Սթրասպուրկի կեդրոնի Սուրբծննդեան տօնավաճառին: Վերջին տուեալներով՝ յարձակումի զոհ դարձած է երեք մարդ, 12 հոգի վիրաւորուած է: Ոստիկանութիւնը առայժմ չէ յաջողած բռնել հրաձիգը: Միաժամանակ «Le Progres» հրատարակութիւնը յայտնած է, որ հրաձգութիւնը տեղի ունեցած է քաղաքի երեք կէտերու վրայ: «BFMTV» հեռուստաալիքի տուեալներով՝ Ֆրանսայի իշխանութիւնները տեղի ունեցածը կը դիտեն որպէս ահաբեկչական գործողութիւն: Կասկածեալը ծագումով Սթրասպուրկէն 29ամեայ տղամարդ է՝ Շերիֆ Շ. անունով:
Ոստիկանութեան տեղեկութեան համաձայն՝ աւելի կանուխ ան ձերբակալումի ենթակայ էր սպանութեան հետ առնչութեան կասկածանքով: «France Info» ռատիօկայանը յայտնած է, որ կասկածեալը գողցած է թաքսի մեքենայ մը, որով փախած է պատահարի վայրէն: Թաքսիի վարորդը չէ տուժած, սակայն ան յայտնած է, որ յանցագործը վիրաւոր եղած է: AFPի տուեալներով՝ կասկածեալը վիրաւորուած է զինուորականներու հետ փոխհրաձգութեան ժամանակ: Ոստիկանական գործողութեան կապակցութեամբ քաղաքին մէջ դադրած է փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը:
Ֆրանսայի ՆԳ նախարարութիւնը կոչ ըրած է բնակիչներուն՝ դուրս չգալու իրենց տուներէն եւ հետեւելու իշխանութեան յանձնարարականներուն: Լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ Գերմանիոյ հետ Ֆրանսայի սահմանին հզօրացուած են սահմանային հսկողութեան միջոցները: Անվտանգութեան նկատառումներով ոստիկանութիւնը փակած է քաղաքի բոլոր հարաւային երթուղիները: Սթրասպուրկի մէջ իրադրութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերու համակարգման համար Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփը գլխաւորած է միջգերատեսչական ճգնաժամային խումբը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ժամանած է Սթրասպուրկ, ուր շտապ խորհրդակցութիւն ունեցած է: Իրեն հետ միասին քաղաք ժամանած է ներքին գործոց նախարար Քրիսթոֆ Քասթաները: Քասթաները յայտարարած է, որ յարձակողի որոնման կը մասնակցին 350 ոստիկաններ, դատական ոստիկանութեան 100 աշխատակիցներ, «Սանթինել» հակաահաբեկչական գործողութեան զինուորներ, Ֆրանսայի այլ ոստիկանական ստորաբաժանումներ: Ֆրանսայի նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է մահացածներու հարազատներուն ու մերձաւորներուն: «Ազգը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Սթրասպուրկին, տուժածներուն ու մահացածներու ընտանիքներուն»,- գրած է Մաքրոն Twitterի վրայ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը: