Ընտանեկան մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը նշեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 97ամեակը Կալա Ընթրիք մը կազմակերպելով, որուն ներկայ եղան հոգեւորական, պետական, քաղաքական, կուսակցական, միութենական աւագանի մը, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի հաւատաւոր ընկերուհիներու եւ ընկերներու ու բարեկամներու ընտրանի փաղանգ մը:
Կալա Ընթրիքը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 11 Դեկտեմբեր 2018ի երեկոյեան Էշրէֆիէի Լէ Մայյոն շքեղ ճաշարանին մէջ:
Մանրամասնութիւններուն եւ արտասանուած խօսքերուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:






