«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) եւ ընդդիմադիր «Լաւ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Վիճաբանութեան մասնակցած են նաեւ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւններու մի քանի ներկայացուցիչները:
Վիճաբանութեան պատճառը եղած է ԱԶԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մեհմեդ Մուշի ընդդիմութեան ուղղուած մեղադրանքը: Մուշը ընդդիմադիրները մեղադրած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական հռչակուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) oժանդակելու մէջ:
Մուշը մեղադրանքները, մասնաւորապէս, ուղղած է «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներին եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին:
Վիճաբանութեան ժամանակ կողմերը քաշքշած են իրար, եւ խորհրդարանի նախագահը ստիպուած եղած է դադրեցնելու նիստը:
Վիճաբանութիւնը շարունակուած է նաեւ ժամեր անց վերսկսած նիստի ժամանակ:






