ՅԱՍՄԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան եւ ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը ՀՖԿՍՊԻի մարմնակրթական մանկավարժութեան եւ կառավարման բաժնի հրաւէրով Հայաստանի Ֆիզիքական կուլտուրայի եւ սփորթի պետական ինստիտուտ կը գտնուէր: 21ամեայ ծանրորդը ուսանողներուն հետ ունեցած հարց ու պատասխանի միջոցով պատմեց իր յաջողութիւններուն, նպատակներուն եւ հետագայ մրցելոյթներուն մասին:
«Ողիմպիական խաղերուն արդէն կը պատրաստուինք, նոյն ոգեւորութեամբ տրամադրուած ենք, յոյս ունինք ոսկիով վերադառնալ հայրենիք»,- պատասխանեց մարզիկը:
Աշխարհի ախոյեանը փաստեց, որ իրենց խումբը զերծ կը մնայ խթանիչ միջոցներ ընդունելէ եւ գայթակղութիւնները կապուած չեն իրենց այժմեան խումբին հետ:
«Մեր նուաճած որեւէ մետալը միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ: Եւ ոչ մէկ պարագայի կրնան ետ վերցնել: Մենք զայն նուաճած ենք արդար ճամբով»,- շեշտեց ծանրորդը:
Վերջինս անկեղծացաւ՝ ըսելով, որ դեռ չի ցանկար զբաղիլ քաղաքականութեամբ, բայց նաեւ չհերքեց հետագային անոր հաւանականութիւնը: Ուսանողներու այն հարցին, թէ մարզական գործունէութեան աւարտէն ետք արդեօք ինքզինքը դասախօսական կազմի մէջ կը տեսնէ՞` որոշակի պատասխան չտուաւ:
Հանդիպումի աւարտին աշխարհի ախոյեանը մեծ ոգեւորութեամբ եւ ջերմութեամբ լուսանկարուեցաւ ուսանողներուն հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց նորէն այցելելու:
Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապաթի մէջ 2018ի աշխարհի առաջնութեան 109 քկ քաշային կարգով Սիմոն Մարտիրոսեանը պոկեց 195 քկ եւ հրեց 240 քկ (սահմանելով աշխարհի 3 մրցանիշ): Երկամարտի 435 քկ արդիւնքով Մարտիրոսեանը դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Վերջին անգամ Հայաստանը աշխարհի ախոյեան ունեցած էր 8 տարի առաջ: