Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Հայրենադարձութիւն. Մարտնչող Սուրիայէն՝ Ազատագրուած Հայրենիք (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Սուրիայէն՝ Գամիշլիէն հասնիլ Արցախ եւ կռիւը շարունակել հողին հետ, դիմակայել կարկուտն ու երաշտը, ամէն ինչ նորէն սկսիլ. թերեւս շատերը կը գերադասէին յանձնուիլ: Շատերը, բայց ոչ Հրաչ Առաքելը: Ան հաստատուած է Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղը եւ վստահ է, որ հողին հետ եւ հողին համար այս կռիւին մէջ ինքը պիտի յաղթէ, քանի որ պարտուելու իրաւունք չունի, յանձնուիլն ալ՝ հակառակ է իր մարտնչող բնաւորութեան:

Հրաչը կը նեղանայ, երբ իրեն հայրենադարձ կամ վերաբնակիչ կ’ըսեն: Արդէն 7 տարի եղած է Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղը հաստատուելուն: Իր տունն ու տնտեսութիւնը ունի, արդէն Արցախի հետ կապուած երազներն ու ծրագիրները: «Եկած ենք մեր հողին համար, եկած ենք մեր հայրենիքը, եկած ենք, որ այստեղ բնակիչ ըլլայ»,- հայրենիքի յատկապէս այս տարածքին հաստատուելու իր որոշումը այս ձեւով կը հիմնաւորէ սուրիահայ արցախցին: Արդէն 7 տարի եղած է, որ Հրաչ Առաքելը եկած-հաստատուած է Քաշաթաղի շրջանը: Իշխանաձորի համայնքին մէջ արդէն 7 տարիէ կը զբաղի հողագործութեամբ: Հայրենադարձ երիտասարդի նպատակը նոյնն է, ինչպէս բոլոր անոնց, որոնք ստիպուած հեռանալով Սուրիայէն՝ նոր օճախ հիմնած են Արցախի մէջ: «Կ’ուզենք մեր նոր օճախը ունենալ, այս անգամ՝ մեր հայրենիքին մէջ»,- մեծ ցանկութիւնը կարճ կը ներկայացնէ Հրաչը:

Մինչեւ հայրենիք վերադառնալը փորձ ունէր հողի մշակութեան մէջ: Սուրիոյ մէջ Հրաչը նոյնպէս հողագործութեամբ կը զբաղէր: Այնպէս որ կրնայ հողին հետ լեզու գտնել, գիտէ, թէ ի՛նչ անհրաժեշտ է անոր, ե՛րբ կամ ի՛նչպէս պէտք է սկսիլ մշակումը: Այս տարիներուն ընթացքին դաշտավարութենէն իր յոյսերն ու սպասելիքները, կարելի է ըսել, արդարացած են մասամբ: Հրաչ Առաքելը չի դժգոհիր, բայց եւ չի թաքցներ, որ պիտի փորձէ աւելիին հասնիլ: Իշխանաձորէն ոչ հեռու, Թովմասարի հողատարածքներուն մէջ շուրջ 60 հեքթար հող կը մշակէ, մօտ 70 հեքթար ալ Կովսականի հարեւանութեամբ կը մշակէ: Այս տարի կարկուտը իր դաշտերն ալ չխնայեց: «Մօտ 10 հեքթար արտ կարկտահարուած է: Կարելի է ըսել՝ այդ 10 հեքթարէն բերք չեմ հաւաքած: Բայց միւս հողերը լաւ բերք տուած են: Այդ տարի ալ դիմացանք»,- կէսկատակ-կէսլուրջ կը պատմէ Հրաչ Առաքելը: Կորուստները, սակայն, չյուսահատեցուցին Հրաչը: Ան այսօր ալ կը շարունակէ շփուիլ հողին հետ, մշակել ու պայքարիլ: Կ’ըսէ այնտեղի՝ Գամիշլիի եւ այստեղի՝ Քաշաթաղի հարաւային թեւի եղանակային պայմանները գրեթէ չեն տարբերիր. բայց ահա հողի որակի պարագային էական տարբերութիւններ կան. մինչեւ իսկ արցախեան անջրդի հողը շատ աւելի բերրի է, քան իր ունեցածը Սուրիոյ մէջ:  Ապագայի հետ կապուած շարք մը ծրագիրներ ունի Հրաչը. որոշած է, որ եթէ գալիք տարին բերքառատութեամբ առանձնանայ, ապա տնտեսութիւնը անպայման կը մեծցնէ. կ’ուզէ նաեւ անասնաբուծութեամբ զբաղիլ: «Դե՜հ, քանի որ որոշած եմ գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ, կը զբաղիմ աւելի հիմնաւոր. ոչ միայն հող կը մշակեմ, այլեւ անասուն կը պահեմ, խոշոր եղջերաւոր կենդանիներու ագարակ պիտի հիմնեմ»,- գալիք տարուան ծրագիրները կը պատմէ Հրաչ Առաքելը: Հրաչը Քաշաթաղի շրջանը հաստատուած միակ սուրիահայը չէ: Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր սուրիահայ բազմաթիւ ընտանիքներ մազապուրծ փրկուած, եկած-հաստատուած են ազատագրուած հայրենիքի մէջ: Սուրիահայերը Արցախի այլ շրջաններ ալ հաստատուած են:

Ստեփանակերտ

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին