Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

14 տարեկան մանչուկը՝ թեկնածո՞ւ․․․

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ .- Միացեալ Նահանգներու նախագահ կրնայ դառնալ այն անձը, որ ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ թեւակոխած 35 տարիքը։ Նահանգներն ալ իրենց կարգին ունին պայմաններ՝ զորս լրացնելէ ետք միայն, կրնայ անձ մը դիմել այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Օրինակի համար, Քալիֆորնիա նահանգի կառավարիչի պաշտօնին տիրանալու համար անձ մը պէտք է գոնէ հինգ տարի բնակած ըլլայ այդ նահանգին մէջ եւ թեւակոխած 18 տարիքը: Իսկ Քալիֆորնիոյ մերձակայ Արիզոնա նահանգի կառավարիչ ըլլալու նուազագոյն տարիքն է 30-ը։

Գալով Վըրմանթ նահանգին, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, այդ նահանգի կառավարիչ դառնալու նուազագոյն տարիքի պայմանը չկայ անոր Սահմանադրութեան մէջ։ Ուստի, որեւէ տարիքի անձ մը կրնայ իր թեկնածութիւնը դնել նահանգի կառավարիչի պաշտօնին։

Եւ ահա վերջերս ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Արդարեւ, 14-ամեայ ոմն Իթհըն Սանպորն (տեսնել նկարը), իր թեկնածութիւնը դրած էր այդ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին համար։ Նախնական ընտրութիւնները (primary elections) տեղի ունեցած էին Օգոստոս 14-ին եւ անոր հետ կային երեք այլ թեկնածուներ եւս։

Թեկնածութեան իր յայտարարութեան մէջ, Իթհըն կ՚ըսէ, «Ես թէեւ տարիքով փոքր եմ, սակայն պէտք է մարդիկ լուրջի առնեն զիս, որովհետեւ ունիմ գործնական եւ յառաջդիմական գաղափարներ, նահանգի ղեկավարման համար։ Ան իր ընտրապայքարին համար գոյացուցած էր 1,700 տոլար, որ չնչին գումար մըն է, նկատի ունենալով ծախս մը, որ կը հասնի հարիւր հազարաւոր տոլարի։ 

Անշուշտ թէ Իթհըն չշահեցաւ ընտրութիւնը։ Սակայն, գնահատելի է  անոր յանդուգն քայլը, մանաւանդ անոր հասունութիւնը՝ քաղաքական ասպարէզի ըմբռնումին եւ հետեւողական աշխատանքը՝ այդ պաշտօնին տիրանալու քայլերուն մէջ։ Վստահ եմ Իթհըն պիտի չգոհանայ այսքանով եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ իր երազին հասնելու համար։ Ես ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ անոր եւ կը փափաքիմ որ ուրիշներ ալ որդեգրեն նոյն ուղին։

 

Հասարակ յայտարար…

Այս եզրաբանութիւնը ընդհանրապէս կը գործածուի թուաբանութեան մէջ, երբ կոտորակներով գումարում կամ հանում կը կատարենք։ Սակայն մեր այսօրուան պատմութեան մէջ զայն պիտի կիրարկենք մարդուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Եօթը ընտանիքներ՝ երկուքը Թեքսասէն, երկուքը Նիւ Եորքէն, մէկը Քալիֆորնիայէն, մէկը Քոլորատոյէն եւ մէկն ալ Նիւ Ճըրզիէն, տարին մէկ անգամ կը հաւաքուին եւ լաւ ժամանակ կ՚անցընեն։ Բայց ինչո՞ւ այս տարօրինակ հաւաքոյթը…

Այդ եօթը ընտանիքներուն տասը զաւակները (3-5 տարեկան) խորթ քոյրեր եւ եղբայրներ են։ Այսինքն, անոնք սերած են նոյն մարդուն սերմէն՝ եւ ահաւասիկ հասարակ յայտարարը անոնց միջեւ։ Ուրեմն, տարեկան այդ հաւաքոյթին նպատակն է ծանօթացում մը ստեղծել եւ յարաբերութիւն մշակել այդ հարազատներուն միջեւ։

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ այդ եօթը ընտանիքները (տեսնել նկարը) համացանցի միջոցաւ (donor sibling registry) ծանօթացած են իրարու եւ վերահասու դարձած, որ իրենց զաւակները ազգականական կապ մը ունին իրարու հետ։

Իսկ տասը զաւակներու հօր ինքնութիւնը թաքուն կը պահուի Վըրճինիա նահանգի Ֆէրֆէքս գաւառի Sperm bank-ին կողմէ, մինչեւ որ այդ զաւակները 18 տարիքը թեւակոխեն եւ յաչս օրէնքի իրաւունք ունենան բացայայտելու անոր ինքնութիւնը, եթէ փափաքին։ Մինչ այդ՝ այդ մարդը կը ճանչցուի որպէս donor 401։

Հաւանաբար կ՚ուզէք գիտնալ, թէ այդ սերմը որքան կ՚արժէ, չէ՞։ Ուրեմն, ըսեմ ձեզի թէ անոր արժէքն է 425 տոլար։ Անշուշտ այդ գումարին մէկ մասն է որ սերմը նուիրողին կը տրուի, իսկ մնացեալը՝ սերմը պահող դրամատան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին