Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Արեւելեան Լեգէոնի՝ Կիլիկիա Մուտքի 100Ամեակ

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

Արարայի ճակատամարտին մէջ 19 Սեպտեմբեր 1918ին արձանագրուած յաղթանակը նպաստեց գերմանա-թրքական բանակի վերջնական ջախջախման ու նահանջին, եւ այդ գործին մէջ մեծ էր ներդրումը Արեւելեան լեգէոնին։ Բարձրօրէն գնահատելով հայ լեգէոնականներու դերը այդ յաղթանակին մէջ՝ բրիտանացի զօրավար Ալենպին 12 Հոկտեմբեր 1918ին Հայ ազգային պատուիրակութեան ուղարկած իր հեռագրին մէջ նշած է. «Հպարտ եմ իմ հրամանատարութեան տակ հայկական զօրամաս ունենալուս համար։ Անոնք կռուեցան փայլուն կերպով եւ մեծ բաժին ունեցան յաղթանակին մէջ»: Զօրավար Էտմանտ Ալենպիի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ Արեւելեան կամ Հայկական լեգէոնը Պաղեստինի, ապա Սուրիոյ մէջ յաղթանակներ արձանագրեց եւ դաշնակից զօրքերու ընդհանուր յառաջխաղացքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ: 

Պատերազմէն տարիներ ետք՝ Նոյեմբեր 1925ին, Արարայի հերոսներու աճիւնները Ռաֆաթ գիւղէն փոխադրուեցան Երուսաղէմ եւ նոյն ամսուան 25ին մեծ շուքով թաղուեցան քաղաքի հայկական ազգային գերեզմանատան մէջ: Գերեզմանին վրայ կանգնեցուեցաւ յուշարձան՝ «Արարայի քաջ հերոսներուն» մակագրութեամբ:

Արարայի ճակատամարտին մէջ տարած յաղթանակէն ետք թրքական ճակատի ճեղքում տեղի ունեցաւ, որմէ օգտուելով բրիտանական հեծելազօրը յաջորդ օրը՝ 20 Սեպտեմբերին, 15էն 20 մղոն ճակատի վրայ, 50 մղոն խորութեամբ մխրճուեցաւ թշնամիի դիրքերուն մէջ  եւ ստիպեց զայն անկանոն կերպով փախուստի դիմելու։ Թրքական ամբողջ ոազմաճակատը Միջերկրական ծովէն մինչեւ Մեռեալ ծով քայքայուած էր: Թրքական «Եըլտրըմ» (Կայծակ) անպարտելի համարուած բանակը ջախջախուած էր: Շարունակելով յառաջխաղացումը՝ դաշնակիցներու զօրքը, որոնց հետ նաեւ Արեւելեան լեգէոնը, 1 Հոկտեմբերին ազատագրեց Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը, 6 Հոկտեմբերին՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը, իսկ 20ին՝ պատմական հին քաղաք Հալէպը։ Լեգէոնականները 250 քիլոմեթր ճամբայ կտրած էին Արարայէն դէպի հիւսիս: Անոնք մեծ ներդրում ունեցան Պաղեստինի, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի ազատագրման գործին մէջ:  Պէյրութի մէջ լեգէոնին միացաւ Կիպրոսէն եկած նորակազմ 5րդ գումարտակը, որը այնուհետեւ մասնակցեցաւ հետագայ  մարտական գործողութիւններուն:

Ֆրանսական հրամանատարութիւնը բարձրօրէն գնահատեց հայ լեգէոնականներու ծառայութիւնը եւ անոնցմէ 25 հոգի պարգեւատրուեցաւ «Մարտական խաչ» շքանշանով:

Թուրքիոյ պարտութիւնը կատարեալ էր, եւ ան ստիպուած էր 30 Հոկտեմբեր 1918ին Եգէական ծովու Լեմնոս կղզիի Մուտրոս նաւահանգիստին մէջ խարիսխ նետած անգլիական «Ակամեմնոն» յածանաւին վրայ Մեծն Բրիտանիոյ հետ կնքելու զինադադարի համաձայնագիր։ Ըստ Մուտրոսի համաձայնագրին՝ դաշնակից պետութիւնները պիտի գրաւէին Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներու ամրութիւնները, իրենց ռազմանաւերը պիտի կարենային ազատօրէն նաւարկել այդ նեղուցներուն մէջ եւ մուտք գործել Սեւ ծով։ Թրքական զօրքերը Հիժազի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ իրենց զէնքերը վար պիտի դնէին: Անոնք պիտի հեռանային Իրանէն, Անդրկովկասէն եւ Կիլիկիայէն:

Կիլիկիայէն թրքական զօրքերը պէտք է քաշուէին մինչեւ 18 Դեկտեմբեր 1918, իսկ հայերուն իրաւունք պիտի տրուէր ներգաղթելու իրենց հայրենիքը։ Մինչեւ նշուած ժամկէտը Կիլիկիայէն չնահանջած թրքական զինուորներն ու սպաները գերի պիտի իյնային եւ անոնց զինամթերքը պիտի բռնագրաւուէր:

Ֆրանսական կառավարութեան եւ հայ ազգային պատուիրակութեան միջեւ կայացած համաձայնությամբ Արեւելեան լեգէոնը իրաւունք ստացաւ մտնելու Կիլիկիա՝ հետեւելու համար թրքական զօրամասերու հեռանալուն, ինչպէս նաեւ գրաւելու համար երկրամասի ռազմավարական կարեւոր շրջանները։ Այդ համաձայնութեամբ հայ լեգէոնականները պիտի ըլլային դաշնակից առաջին զօրամասը, որ կը մտնէր Կիլիկիա: Ֆրանսան այդ ժամանակ եւ հետագայ ամիսներուն՝ մինչեւ Յունիս 1919, Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ սահմանագիծին վրայ Հայկական լեգէոնի հինգ գումարտակներէն բացի՝ գրեթէ ուրիշ զօրամասեր չունէր:

Կիլիկիա մտնելէ առաջ, 15 Նոյեմբեր 1918ին Պեյրութի մէջ ստացուեցաւ ֆրանսական կառավարութեան որոշումը Արեւելեան լեգէոնի անուանափոխութեան մասին: Այսուհետեւ «Արեւելեան լեգէոն»ը պաշտօնապէս ստացաւ «Հայկական լեգէոն» անունը։ Նոյն օրն ալ ստացուեցաւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանը՝ Հայկական լեգէոնը Կիլիկիա տեղափոխելու մասին: 21 Նոյեմբերին Պէյրութի նաւահանգիստէն մեկնելով, Ալեքսանտրէթէն անցնելով՝ նաւերով Կիլիկիա ուղեւորուեցաւ լեգէոնի առաջին գումարտակը եւ տեղ հասնելով խորացաւ երկրի ներքին շրջաններուն մէջ: 16 Դեկտեմբերին Կիլիկիա փոխադրուեցան լեգէոնի 2րդ եւ 5րդ գումարտակները, որոնք շարժեցան դէպի հիւսիս։ 2րդ գումարտակը մտաւ Տէօրթ Եոլ, Թոփրաք Գալէ եւ Իսլահիէ, իսկ 5րդ գումարտակը մտաւ Ատանա: Լեգէոնի 3րդ գումարտակը մտաւ Մերսին, Տարսոն եւ Պոզանթի քաղաքները։ Լեգէոնի մեծ ուժեր հաստատուեցան նաեւ Այնթապ, Մարաշ քաղաքներուն եւ այլ բնակավայրերու մէջ։ Փաստօրէն ամբողջ երկրամասը անցաւ Հայկական լեգէոնի վերահսկողութեան տակ:

Այս ձեւով առաջին քայլերը առնուած էին Կիլիկիոյ ինքնավարութեան: Սակայն դաշնակիցներու՝ հինէն եկած շահերու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը վնասեց զայն: Հայկական լեգէոնը մեծ հարուած հասցուց թուրքերուն: Այդ հարուածը իր ռազմական եւ պատմաքաղաքական բոլոր իւրայատկութիւններով նման էր թերեւս միայն Վանի 1915 թուականի հերոսամարտին: Երկու դէպքերու պարագային ալ յուսահատ ու դատապարտուած ինքնապաշտպանութեան փոխարէն արեւմտահայութիւնը զէնքի ուժով կրցաւ ցեղասպան պետութենէն անջատել իր հայրենիքի  բաւական ընդարձակ տարածքներ, իսկ յետոյ ապահովել ժողովուրդի  նահանջը:

Փառք Հայկական լեգէոնի հերոսներուն, որոնք իրենց կամքով եւ զոհաբերութեան ոգիով մեր ժողովուրդի պատմութեան պայծառ էջեր գրեցին: Անոնք փաստեցին, որ եթէ հայուն բերդը ներսէն դաւադրութեամբ չգրաւուի, որեւէ ուժ չի կրնար զայն գրաւել: Անոնք իրենց պայքարի ոգիով փաստեցին նաեւ,  որ հայ զինուորը սխրանքներ կրնայ գործել, եթէ իրեն առիթ տրուի:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին