Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ «ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» Դ. ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԼՂՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ՝ «Խաչատուրեան» Դ. Դաս երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակին առթիւ։ Պատարագիչն էր Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ Հայաստանէն յատուկ ժամանած էր Ս. Պատարագը մատուցելու համար։ Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապեութեան վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեանը, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ բարերարներ։

Թեմիս Առաջնորդը ողջունեց ներկայութիւնը մեծարգոյ նախագահին, որ ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու համար համահայկական Թելեթոնին։ Սրբազանը ընդգծեց, որ վսեմաշուք Նախագահը անցնող տարիներուն բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հզօրացման, մեր ժողովուրդի տնտեսական կեանքի բարելաւման, Արցախի քաջարի բանակի առաւել կազմակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ծիրին մէջ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Ղարաբաղի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ «Խաչատուրեան» երգչախումբի հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։

,Խաչատուրեանե Դ. Դաս երգչախումբի հիմնադրութեան առթիւ, ճաշկերոյթ սարքուած էր։ Գեղարուեստական յայտագիրը աւելի փայլք տուաւ հանդիսութեան։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորութեան խօսքը ուղղեց ըսելով.

««Խաչատուրեան» երգչախումբը երգի ու երաժշտութեան ճամբով հայ մշակոյթ եւ հայ բարձրորակ արուեստ ջամբեց հանրութեան»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին