Լիբանանահայ մշակութասէր հասարակութիւնը Ուրբաթ, 23 եւ Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018ին հրճուանքի եւ հպարտութեան երկու օրեր ապրեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան Համագումարներու պալատին մէջ՝ ըմբոշխնելով ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Արին» պարախումբի յաղթական ելոյթները:
ՀԵԸի «Արին« պարախումբին ելոյթը կը կրէր «Բոլոր Անոնց…» խորագիրը, երախայրիք մը՝ պարախումբին վերելքին սատարող անհատներուն, անդամ-անդամուհիներուն, միութենականներուն, հայ պարարուեստի հեղինակութիւնը եւ կոչումը բարձր պահող բոլոր երախտաւորներուն:
«Բոլոր Անոնց…»ը միաժամանակ ՀԵԸի մեծ ընտանիքին երախտիքն էր պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Գայիանէ Մածունեանին, որ «Բոլոր Անոնց…»ներուն նման, տասնամեակ մը ամբողջ իր կարելին տուաւ՝ յանուն մեր պարախումբին վերելքին:
Երկու յաջորդական օրերու ընթացքին ՀԵԸի «Արին» պարախումբը իր նոր յայտագիրով ունեցաւ երեք ելոյթ (ցերեկային եւ երկու երեկոյեան):
Աշակերտական ցերեկային ելոյթին ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ տասներկու վարժարաններու աւելի քան հազար աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերու զոյգ ելոյթներուն ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի, ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, հոգեւոր, պետական, քաղաքական, հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ծնողներ եւ միութենականներ:
Շաբաթ, 24 Նոյեմբեր 2018ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պարախումբին «կալա» ելոյթը: Յանուն պարախումբի վարչութեան՝ տիկին Անի Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ դիտել տալով, որ «Արին» պարախումբը, շնորհիւ պարուսոյցներու եւ պատասխանատուներու հետեւողական ջանքերուն, իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ նուաճած է զանազան բարձունքներ: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք գործանական եւ բարոյական աջակցութեամբ իրենց նպաստը կը բերեն «Արին» պարախումբի վերելքին:
Տիկին Արազ Ալոզեան (արաբերէն լեզուով) բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան շեշտեց, որ ՀԵԸի «Արին» պարախումբը հաւատարիմ կը մնայ իր արմատներուն՝ ընդգծելով, որ հետեւողական եւ հաւաքական աշխատանքն է պարախումբին յաջողութեան գաղտնիքը: Արազ Ալոզեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան եւ պարախումբին ծրագիրները սատարող բոլոր անհատներուն, յատկապէս տիար Երջօ Սամուէլեանին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ «Արին» պարախումբը՝ ներկայացնելու նոր պարերու փունջ մը: Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու: Պարախումբը առաջին մասին մէջ կատարեց տասնմէկ պար: Իւրաքանչիւր պար կը ներկայացնէր «Բոլոր Անոնց…» խորագիրէն խորհուրդ մը՝ «Բոլոր Անոնց… որոնք դէպի լոյս կ’երթան, «… որոնք թռչիլ գիտեն», «… որոնք թաքուն երեխաներ են», «…որոնց ծռութեամբ աշխարհը կը շտկուի», «.. որոնք երբեւէ սիրեցի», «…որոնք կեանքը գունաւոր կը տեսնեն», «…որոնց անմեղութիւնը լոյս կը ներշնչէ», «… որոնց համար երազը գործ է», «… որոնց կեանքին ականատեսը եղայ», «… որոնք համտեսեցին այս ծառին պտուղները»,«… որոնց կիրքը այս աշխարհին համար շատ մեծ է»:
Յայտագիրի երկրորդ մասը նոյնպէս կ’ընդգրկէր տասնմէկ պար՝ «Բոլոր Անոնց… որոնք իրենց սրտին մէջ հայրենիք ունին», «…որոնց գոյութիւնը ծանր չի կշռեր», «… որոնք մայրական քնքշանքով սնեցին», «… որոնք կարելի չէ կաղապարել», «… որոնց հետ քէֆ ըրինք», «… որոնք չհաւատացին», «… որոնք հաստատուն քայլերով առաջնորդեցին», «… որոնք Հայաստան կը բուրեն», «… որոնք այլեւս չկան», «… որոնք երբեք քիչով չեն բաւարարուիր»:
Տարազներու գեղեցկութիւնը, պարողներուն կեդրոնացումը, տղոց՝ մարտական, աղջկանց հեզաճկուն նազ պարերը, քնքուշ շարժումներն ու քնարական կեցուածքը կը ցոլացնէին պարուսոյցին եւ պարախումբի վարչութեան անդամուհիներուն բծախնդրութիւնը:
Ճաշակով ընտրուած երաժշտութիւնը, յարափոփոխ լուսաւորումը, գունագեղ պաստառներով եւ տեսարաններով համեմուած բեմին կեդրոնը յայտնուող խորհրդապատկերները արուեստի երանգ մը կ’աւելցնէին զանազան տեսակի պարերով հարուստ գեղարուեստան երեկոյին: Համաչափ կշռոյթներով յաջող կատարողականութիւնը կը բարձրացնէր հանդիսականներուն տրամադրութիւնները:
Պարողները արժանացան բուռն ծափահարութեան եւ հանդիսականներու բացագանչութիւններուն:
Համերգի աւարտին, պարախումբի անդամ-անդամուհիները բեմը գրաւեցին ելոյթին ընթացքին ներկայացուած տարբեր պարերու տարազներով:
Տօնական, խանդավառ մթնոլորտի մէջ ելոյթը հասաւ իր աւարտին, ուր ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, բեմ բարձրանալով, յանուն Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան շնորհաւորեց պարախումբի անդամ-անդամուհիները եւ գնահատեց ամիսներու վրայ երկարող, նուիրագործութեամբ կատարուած հաւաքական աշխատանքը, որ նոր ձեռքբերում մը դարձաւ ՀԵԸի մեծ ընտանիքին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ելոյթներուն յաջողութեան սատարող անհատներուն, կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, ի մասնաւորի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանին, որ տասը տարի շարունակ յարատեւ նուիրումով եւ բազում զոհողութիւններով ծառայեց պարախումբի վերելքին՝ անոր տալով նոր որակ եւ հմայք:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց պարախումբի վարչութիւնը եւ ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան, ՀԵԸի «Արին» պարախումբի վարչութեան, համայն ՀԵԸականներու անունով երախտագիտական յուշանուէր մը յանձնեց Գայիանէ Մածունեանին, առ ի գնահատանք անոր տասնամեայ ծառայութիւններուն:
Երեկոն աւարտեցաւ ներկաներուն խանդավառ ծափահարութիւններով:
Անմոռանալի պարի հայաբոյր երեկոյ մը:
ՀԵԸի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ