«Փոխե՛նք Ներկան՝ Կերտելու Ապագան»
Այսօր՝ 29 Նոյեմբեր 2019ին Լիբանանի մէջ կը մեկնարկէ ամէնամեայ թելեթոն-դրամահաւաքը՝ նուիրուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:
Այս առիթով մեր խմբագրատան մէջ ընդունեցինք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի անդամ պրն. Գրիգոր Թերզեանը, որ, ինչպէս միշտ, չի զլանար այցելել մեզի՝ լուսաբանելու տուեալ տարուան ծրագիրները:
Ինչ կը վերաբերի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուրջ վերջին ամիսներուն ստեղծուած հարցականներուն, պրն. Թերզեանէն իմացանք, որ անցնող ամիսներուն հիմնադրամի համաշխարհային կառոյցի հաշուարկները, հաշուապահական միջազգային ընկերութիւններու կողմէ ենթարկուած են մանրակրկիտ քննութիւններու (audit)՝ ստուգելու որեւէ հաւանական չարաշահում։ Պրն. Թերզեանի հաստատումով՝ մասնագիտական եւ քննչական տարբեր խմբակներու ստուգումներուն շնորհիւ փաստուած է, որ հիմնադրամը զերծ է ամէն տեսակի չարաշահումներէ, եւ անոր հաշիւները ամբողջական եւ բացարձակ թափանցիկութեամբ ներկայացուած են հանրութեան։
Մեր կողմէ աւելցնենք, որ այս իրողութիւնը հաստատած են նաեւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարն ու նախագահը, որոնք անցնող շաբաթներուն իրենց զանազան ելոյթներու ընթացքին, կոչ ուղղեցին փակելու անվստահութեան էջը՝ նոր շունչ հաղորդելով համահայկական հիմնադրամին, որպէսզի անիկա անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Ըստ Պրն. Թերզեանին՝ այս տարուան համահայկական դրամահաւաքը կ’ընթանայ անցեալ տարի որդեգրուած «Բերքառատ Արցախ» ծրագրին որպէս ամբողջացում, որուն ընդմէջէն կը շարունակուին արթեզեան ջրհորներու հորատման եւ ոռոգման նոր ցանցի կառուցման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթով բանող համակարգի տեղադրման աշխատանքները:
Պրն. Թերզեան տեղեկացուց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը այս տարի, «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրին զուգահեռ, յարմար նկատեց իր նպաստը ունենալ հիմնադրամի ընթացիկ գլխաւոր ծրագիրներէն մէկուն՝ Կիւմրիի մէջ անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններու ապահովման ծրագիրին՝ տրուած ըլլալով, որ 2018ն կը զուգադիպի Սպիտակի երկրաշարժի 30ամեակին եւ մարմինի այս տարուան դրամահաւաք- ռատիոթոնը կը կազմակերպուի այդ յիշատակի նշումէն շաբաթ մը առաջ՝ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00էն սկսեալ: Ուրախութեամբ իմացանք, որ այս առիթով եւ խորհրդանշական կերպով իր անդամակցած մարմինը որոշած է Կիւմրիի մէջ 4 ընտանիքներ օժտել նոր բնակարաններով։
Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի հրապարակած հաղորդագրութիւնը նաեւ նշած էր, որ բացի Արցախի մէջ իրականցուելիք ծրագիրներէն, այս տարուան թելեթոն-դրամահաւաքի հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացուի Հայաստանի համայնքային ենթակառոյցներու նորոգութեան, ինչ որ պիտի նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման։
Վստահ ենք, որ ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ լիբանանահայութիւնը իր լուման պիտի չխնայէ նոր կեանք պարգեւելու մեր հայրենի եղբայրակիցներուն եւ իրար ձեռք տալով պիտի սատարէ ՓՈԽԵ՛ՆՔ ՆԵՐԿԱՆ՝ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԱՊԱԳԱՆ հրամայականին:
«Խմբ.»