«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մէկ սապատաւոր կէտ եւ շուրջ 30 սեւ դելփիններ ափ նետուած են Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի Քրոյաջինկոլոնկ ազգային բնայգիի շրջանին մէջ: Նոյեմբեր 28ին այս մասին յայտնած է «Australian Associated Press» գործակալութիւնը:
Ազգային բնայգիի հեռաւոր լողափերէն մէկուն ափ նետուած կաթնասուններուն մասին յայտնած են այդտեղ հանգստացող մարդիկ: Նահանգի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան գերատեսչութեան աշխատակիցները ժամանած են պատահարի վայր, սակայն տեսած են, որ կենդանիներէն շատերուն օգնել արդէն կարելի չէ:
Բնայգիի՝ պատահարի վայրին յարող մասը այցելութեան համար փակ է մեծ սպիտակ շնաձկներու աշխուժացման պատճառով:
Նոյեմբեր 26ին գրեթէ 150 սեւ դելփիններ ափ նետուած էին Նիւ Զելանտայի Սթուարթ կղզիին մէջ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը: