Լրատուադաշտը Պէտք Է Ամբողջովին Հաւատարիմ Մնայ Հանրային Վերահսկողութեան Կարեւոր Դերակատար Ըլլալու Իր Գործին. Սարգիս Խանդանեան
Նոյեմբեր 23ին Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Լրատուադաշտի դերը փոփոխուող աշխարհի մէջ» միջազգային լրատուական համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ »Զարթօնք»: Համաժողովին նախորդող օրը անոր մասնակիցներ Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրական հիմնարկին մէջ յատուկ դասապահ ունեցան դասախօսելու ուսանողութեան:
Համաժողովի ընթացքին լրատուադաշտի ոլորտի մասնագէտներ ու փորձագէտները քննարկեցին լրատուամիջոցներու ապագային վերաբերող հարցեր ու անոնց զարգացման հեռանկարները:
Համաժողովը (Mediaforum) կազմակերպած էին հայրենի «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնն ու ԱՊՀ երկիրներու ինսթիլթուտի հայաստանեան գրասենեակը համագործակցաբար։
Համաժողովի բացման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սարգիս Խանդանեանը: «Երբ տարիներ շարունակ գործող խաղի կանոնները յանկարծակի կը փոխուին, լրատուադաշտին համար բաւական մեծ մարտահրաւէրներ կը ստեղծուին տարբեր տեսանկիւններէ»,- ըսաւ ան՝ շնորհաւորելով «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնը հիմնադրման 100ամեակին առիթով եւ նշելով, որ հայկական պետական ամենահին գործակալութիւնը յաջողած է համահունչ քալել ժամանակին հետ ծագած մարտահրաւէրներուն հետ: «Այսօր բաւական լաւ առիթ է շնորհաւորելու «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնը հիմնադրման 100ամեակի առիթով: Այսօրուան ընտրուած թեման եւ «Արմէնփրես»ի անցած հարիւրամեայ պատմութիւնը համահունչ են, որովհետեւ գործակալութիւնը յաջողած է համընթաց քալել ժամանակի բերած մարտահրաւէրներուն հետ»,- ըսաւ Սարգիս Խանդանեանը:
Կարեւորելով լրատուադաշտի դերը փոփոխուող աշխարհի մէջ՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը արձանագրեց, որ լրատուադաշտը պէտք է ամբողջովին հաւատարիմ մնայ հանրային վերահսկողութեան կարեւոր դերակատար ըլլալու իր գործին: «Յոյսով եմ, որ այսօրուան քննարկումին մենք կ’ունենանք որոշ հարցերու պատասխաններ, թէ որքանո՛վ արդարացուած են թուային դարաշրջանի յառաջացուցած մտահոգութիւնները: Արդեօք անորմէ կը տուժէ՞ աւանդական լրագրութիւնը, թէ մենք պէտք է օգտագործենք այս ներուժը կատարելագործուելու եւ ժամանակին համընթաց քալելու համար, բայց նաեւ հաշուի առնելով այն բոլոր մարտահրաւէրները, զորս կը բերէ թուային եւ ընկերային լրատուադաշտը»,- ըսաւ ան:
Համաժողովի բացման բաժնին մէջ խօսք առաւ նաեւ ՀՀ լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սեյրանեան, որ վստահեցուց, որ լրագրողի առաքելութիւնը ուղղուած է աշխարհը, շրջապատող միջավայրը աւելի լաւ դարձնելուն:
«Մենք կ’ապրինք թուային մտածողութեան, նոր արհեստագիտութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ: Լրագրողներու առաքելութիւնը, սակայն, նոյնն է բոլոր ժամանակներուն»,- ըսաւ ան՝ կարեւորելով լրատուադաշտի կողմէ հաւաստի աղբիւրներով տեղեկութեան հաղորդումը:
ՀՀ լրագրողներու միութեան նախագահը նշեց, որ Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք տեղական լրատուամիջոցները, այնուամենայնիւ, մնացին ժողովուրդի ձայնը՝ գրեթէ ամէն վայրկեան տեղեկացնելով, թէ ի՛նչ կը կատարուի մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ, ներկայացնելով մարդոց տրամադրութիւնները փոփոխութիւններուն նկատմամբ, հեռացող իշխանութեան տեսակէտները, միջազգային փորձագէտներու եւ քաղաքական, տնտեսական գործիչներու արձագանգներն ու հասարակութեան սպասելիքները նոր իշխանութենէն: «Յեղափոխութեան օրերուն «ֆեյք» բառը դարձաւ ամենայաճախակի գործածուողը: «Ֆեյք» լուրերը ոչ միայն կը մոլորեցնեն մարդիկ, այլեւ լուրջ վնասներ կը հասցնեն մասնագիտացուած, իրենց լսարանին նկատմամբ պատասխանատու լրատուամիջոցներուն»,- ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ «կեղծ» նորութիւններու ազդեցութիւնը մեծցած է նաեւ Հայաստանի մէջ:
Սեյրանեանը մտահոգութիւն յայտնեց, որ գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ետք շատերը տեղեկութիւնը սկսան հաղորդել Ֆէյսպուքի վրայ` ուղիղ եթերներու միջոցով, ինչը լրագրողին հնարաւորութիւն չի տար հարցեր ուղղելու բարձրացուած թեմաներուն շուրջ:
Ան նշեց, որ ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ընկերային ցանցերը եւ լրատուադաշտերը միասին ինչպէս կրնան աշխատիլ, եւ ինչ վտանգներ կրնան ունենալ նոյն ցանցերը «կեղծ» տեսանիւթերու, լուրերու, լուսանկարներու առումով: «Հակամարտութիւնը կը շարունակուի, եւ նման հակառակորդի պարագային, ինչպէս Ազրպէյճանն է, ինչ կը կատարուի նման կեղծ նորութիւններու, աւանդական լրատուական դաշտի աղաւաղման պայմաններուն մէջ: Սա մեզի համար, հակամարտութիւն ունեցող որեւէ երկրի համար թիւ մէկ հարցն է»,- յաւելեց Սեյրանեան՝ յոյս յայտնելով, որ համաժողովին անդրադարձ կը կատարուի բարձրաձայնուած խնդիրներուն:
«Լրատուադաշտի Դերը Փոփոխուող Աշխարհի Մէջ» Միջազգային Լրատուական Համաժողովի մանրամասնութիւններուն համապարփակ կերպով պիտի անդրադառնանք մեր Երեքշաբթի օրուայ թիւին մէջ: