Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Թրամփ Գոհաբանութեան Օրը Տօնած Է Ընտանիքին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Գոհաբանութեան օրը ընթրիքը անցուցած է ընտանեկան միջավայրի մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, Նոյեմբեր 23ին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու զանգուածային լրատուամիջոցները:

Ընթրիքին ներկայ եղած են իր տիկինը՝ Մելանիան, որդին՝ Պարրոնը, եւ դուստրերը՝ Իվանքան ու Թիֆանին:

Նախագահի խնդրանքով՝ լրագրողներու համար, որոնք կարճ ժամանակով հրաւիրուած էին ընթրիքի սրահը, նուագած են «Music of the Night» ստեղծագործութիւնը: Ընթրիքին մատուցած են Գոհաբանութեան օրուան համար աւանդական հնդկահաւ, ինչպէս նաեւ գառ, տաւարի միս եւ մի քանի տեսակի ձկներ: Որպէս խաւարտ՝ հիւրերուն առաջարկած են գետնախնձորի խիւս, քաղցր գետնախնձոր եւ բանջարեղէն, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին