«Երեւան Երեւան»
Օրուան հիւր՝ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան
Pic 3, 14, 15, 16, 17
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւան Երեւան» մշակութային ճոխ երեկոն, նուիրուած Էրեբունիի հիմնադրութեան 2800-ամեակին։
Ամբողջ մէկուկէս ժամ հնչեց Երեւանը երգով ու պարով, խօսքով ու երազանքով, չորրորդ, վեցերորդ, եօթներորդ եւ բարձրագոյն կարգերու աշակերտներու կողմէ։ Թէ՛ թատերական պատկերները, թէ՛զոյգ երգչախումբերն ու պարախումբերը, թէ՛ անհատական կատարումնըրը, մէկը միւսը գերազանցեցին։ Իսկ դուրսը, բակին մէջ նախքան միջոցառումը տեղի ունեցաւ շախմատի կայծակնային մրցում քսանութ աշակերտ, ծնողք եւ ուսուցիչ «շախմատիստ»ներու միջեւ, նուիրուած Երեւանի 2800-ամեակին։
Օրուան հիւրն էր Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ Արմէն Բայբուրդեան, իր ազնիւ տիկնոջ եւ երկու դուստրերուն հետ։ Տարիներ առաջ, երբ դարձեալ Գլխաւոր հիւպատոսն էր ան Լոս Անճելըսի մէջ, երկու աղջիկները եղած են մեր վարժարանի աշակերտները։ Տէր եւ Տիկ Բայբուրդեանները ներկայ էին իրենց դուստրերուն հետ, որոնց մէջ հին-հին յիշատակներ արթնցան։ Պատմական էր պահը։
Դոկտ Բայբուրդեան իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանիս կատարած հայապահպանման դերը եւ մեծապէս գովեց օրուան միջոցառումը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ծնողներն ու դպրոցը, աշակերտներուն յաջող ելոյթին առիթով։
ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին կողմէ փոխտնօրէնուհի Տիկ Անահիտ Նալպանտեան պատուեց օրուան հիւր երեւանցին յուշանուէրով մը, որմէ ետք, հանդիսութեան ներկայ տասը երեւանցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ բեմ հրաւիրուեցան յիշատակի լուսանկարով մը անմահացնելով յուզիչ այդ պահը։
«Երեւան Երեւան» միջոցառման յաջողութեան իրենց նպաստը բերին Հայերէնի բաժանմունքի ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան եւ պարի դասատուները։
Կը շնորհաւորենք բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք երեւանեան գողտրիկ պահեր պարգեւեցին ներկաներուն։ Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Երեւան-Էրեբունի» «օրհներգ»ով։
Անմոռանալի երեկոյ մը արդարեւ։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ